2012-05-04 13:00:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գլէմէնթինա Սրահին Մէջ Ունկնդրութիւն Շնորհեց Սուրբ Աթոռի Մօտ Հաւատարմագրուած՝ Նոր Անուանուած Դեսպաններուն։


Ուրբաթ 4 Մայիս 2012, առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գլէմէնթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած կարգ մը դեսպաններուն՝ Եւթոպիա, Մալէզիա, Իրլանտա, ֆիժի, ու նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ նոր անուանուած ՀՀ դեսպան Տիար Վիգէն Չիթեճեանը, որ նաեւ ֆրանսայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն է։
Նշենք որ այս տարի կը նշուի Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակը։ Արդարեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սկիզբ առած էին 23 մայիս 1992-ին։

Սրբազան Քահանայապետը այսօր ժամը 11.30-ին, ունկնդրութիւն շնորհեց Միացեալ Նահանգներու կարգ մը եպիսկոպոսներուն որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Իսկ ժամը 12ին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Սան Մարինօ - Մոնթէֆէլդրօ Թեմի առաջնորդը՝ գերապայծառ Լուիճի Նէկրի։

Նոր անուանուած դեսպաններուն արտասանած իր ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած սիրալիր խօսքերուն համար ու ապա անդրադարձաւ թէ ինչպէս լրատուական միջոցներու յառաջացումը մեր մոլորակը դարձուցած է աւելի փոքր, կարելիութիւնը ներկայացնելով անմիջական լուրեր ու տեղեկութիւններ ստանալու աշխարհի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու մասին, ինչպէս ազգերու եւ ժողովուրդներու պահանջները։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ ընգծեց գաղթականութեան հարցը եւ համաշխարհային տնտեսական տագնապը որ շատ մը ընտանքիներ կը մատնէ աղքատութեան ու անկայունութեան յառաջացումի։Եւ երբ աղքատութեան դիմաց կայ անչափաւոր հարստութիւնը անարդարութեան զգացում մը կը յառաջանայ որ ապստանբութիւններու աղբիւր կրնայ հանդիսանալ։ Հարկ է ուրեմն որ Պետութիւնները հսկեն, որպէսզի ընկերային օրէնքները չաճեցնեն անարդարութիւնները եւ ամէն մէկուն հնարաւորութիւն ընծայեն ապրելու արժանավայել կերպով։ Մարդկային յարաբերութիւններու որակը եւ բարիքներու արդար բաժնեկցումը ընկերութեան հիմը կը կազմեն, ըսաւ Սրբազան հայրը, ու ապա իր խօսքը կեդրոնացուց կրօնական ազատութեան կարեւորութեան ու հոգեւոր արժէքներու վրայ։Ամենամեծ աղքատութիւնը սիրոյ պակասն է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց, թէ նոյնիսկ զրկուելով նիւթական հարստութիւններէն, կարելի է ուրախ ըլլալ ու ապա քաջալերեց ընտանիքներու բարիքի ի նպաստ տարուած ջանքերը։
Պետութիւնները պարտականութիւնն ունին խթանելու հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը, որոնք կը նպաստեն ազգի մը զարգացման, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր խօսքը, ու ապա կոչ ուղղեց ներկայ դիւանագէտներուն կրօնի ազատութեան ի խնդիր ան ըսաւ. <<կրօնքի միջոցաւ, մերաձաւորին մէջ կը ճանչնանք մեր եղբայրակիցը, թոյլ տուէք ամէնուն կարելիութիւնը ազատօրէն ճանչնալու զԱստուած։
Ու ապա բոլորին վստահեցնելով Սուրբ աթոռի աջակցութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.