2012-05-04 13:05:12

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Այցը ԱՄԷ՝ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ )


Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցով կը գտնուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր հանդիպում կ՝ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Մայիս 1-ին վեհափառը հասաւ Տուպայի օդակայանը, ուր զինք դիմաւորեցին Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի դեսպանը եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ: Օդակայանի պատւոյ սրահին մէջ վեհափառ հօր դիմաւորեցին պետական ու ազգային անձնաւորութիւններ ու գաղութին մէջ գործող մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Վեհափառին Ազգային վարչութեան հետ ունեցած հանդիպումին, քննարկուեցան գաղութը յուզող հարցեր: Վեհափառին ի պատիւ սարքուած էին զանազան սիրոյ սեղաններ։ Չորեքշաբթի օրը երեկոյեան, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազանը Ս Պատարագ մատոյց որուն նախագահեց վեհափառը եւ այս առթիւ տուած իր պատգամին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատանքով անդրադարձաւ Շահէ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան կատարած ծառայութեան, ապա իր հոգեւոր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ ապրելու հրամայականին վրայ` բնաբան ունենալով Աւետարանի հետեւեալ խօսքը. «Ուր որ ձեր գանձը կը գտնուի, հոն թող ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը»: Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:
Հինգշաբթի օրը, վեհափառը հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային վարչութեան հետ: Ի պատիւ իրեն Ազգային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթէն ետք վեհափառը մեկնեցաւ Ապու Տապի։











All the contents on this site are copyrighted ©.