2012-05-03 12:51:14

ֆրանսայի Նախագահական Ընտրութիւնները։ Ֆրանսայի Նախագահի Պաշտօնին Համար Պայքարող Նիքոլա Սարքոզի-ի ու Ֆրանսուա Օլլանտ-ի Բանավէճը Ուղիղ Եթերով:


Սարքոզիի ու Հոլլանտ-ի հեռուստա-բանավէճը տեւեց մօտ երեք ժամ եւ անցաւ լարուած մթնոլորտի մէջ: Կողմերը իրարու հասցէի նոյնիսկ վիրաւորական արտայայտութիւններ կատարեցին :
Յատկապէս աշխատանքային տագնապի առնչուող հարցերու մէջ Սարքոզի իր ընդդիմախօսը քանի մը անգամ մեղադրեց ստախօսութեամբ։

Սարքոզի յայտարարեց որ Օլլանտ երկիրը ղեկավարելու համար չունի բաւարար փորձառութիւն , իսկ ընկերվարական ընդդիմախօսն ալ Սարքոզին մեղադրեց, ըսելով, որ հինգ տարի շարունակ «Սարքոզի աղքատացուց երկիրը եւ թշնամացուց երկրի քաղաքացիները»:
Հեռուստաբանավէճին հետեւած են 20 միլիոն հոգի, որ Ֆրանսայի արձանագրուած ընտրողներու կէսէն աւելին է: Թէեւ անոնք իրենց ընտրութիւնը ըրած են դեռ առաջին փուլի ընթացքին, սակայն երկրորդ փուլի ընթացքին որոշիչ կրնայ ըլլալ Մարի Լէ Բենի ընտրողներուն քուէները: Վերջին հարցախոյզներու համաձայն` Օլլանտ յառաջատարն է, եւ փորձագէտները այս հեռուստաբանավէճը Սարքոզիի վերջին հնարաւորութիւնը կը համարէին:
Ֆրանսայի մէջ նախագահահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 6-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.