2012-05-03 12:35:49

Վատիկանեան Հակիրճ Լուրեր։


Հռոմի Լատերանեան Համալսարանի մէջ, այսօր տեղի ունեցաւ Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի նուիրուած՝ դասախօսական նիստերու շարքի 5րդ հանգրուանը, կազմակերպուած Լատերանեան Համալսարանի եւ Սէն Լուի Տէ ֆրնասէ կեդրոնի համագործակցութեամբ։

3-4 մայիս, Սուրբ Խաչ անուան համալսարանը եւս կազմակերպած է միջազգային համագումար մը` <<Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը. բարենորոգումի մշտատեւ արժէք` նոր աւետարանացումի ի նպաստ>> նիւթով։

Ի տես ընկերային հաղորդամիջոցներու 46 Համաշխարդային Օրուայ` 3 մայիսին Հռոմի մէջ կազմակերպուած է <<Խօսք ու լրութիւն- նոր աւետարանացումի ուղեւորութիւն>> նիւթով աղօթքի եւ խորհրդածութեան օր մը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ <<հաղորդամիջոցներու Փաօլինէ>> մրցանակի տուչութիւնը։

Հռոմի Թեմի առաջնորդարանի մէջ, երեկոյեան ժամը 19-ին մայիս 3ին տեղի կ՛ունենայ <<ՅՊԲ Երանելի>> գիրքի շնորհանդէսը, որուն ներկայացումը կը կատարէ Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին։








All the contents on this site are copyrighted ©.