2012-05-03 12:33:10

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հռոմի Ճեմելլի Հիւանդանոցի մէջ Արտասանած Ճառը ։
<<Առանց սիրոյ, նոյնիսկ գիտութիւնը իր արժէքը կը կորսնցնէ։


Նորին Սրբութիւնը Ճեմելլի հիւանդանոց ժամանեց ժամը 11-ին ուր զինք դիմաւորեցին Կարտինալ Անճէլօ Սգոլան ու Կաթողիկէ Համալսարանի Փոխ Րէկտոր Փրօֆ ֆրանքօ Անէլլին։ Համալսարանի հասարակութեան հետ Նորին Սրբութեան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Բժշկական եւ Վիրաբուժական մասնաճիւղի լսարանին առջեւ գտնուող բակին մէջ, ուր Նորին Սրբութիւնը ճառ մը արտասանեց որուն մէջ անդրադարձաւ
<<Գիտութեան>> կարեւորութեան մասին այսօրուայ աշխարհի մէջ, եւ թէ ինչպէս <<փորձառական գիտութիւնը>> յեղաշրջեց համաշխարհային տեսակէտը եւ մարդու հասկացողութիւնը։ Սակայն, յարեց Սրբազան Հայրը, այժմէական մարդը յաճախ կ՛ապրի նուազեցման եւ յարաբերականութեան ազդեցութեան տակ, որ շատ անգամ կը կորսնցնէ իրողութիւններու բուն իմաստը։ Հարկ է, առ այդ՝ որ մշակոյթը վերագտնէ ՜՜Վերանցականութեան իմաստն ու եռանդը՝՝ մէկ խօսքով՝ զ՜՜Աստուած՝՝ փնտռտուքը։ Նորին Սրբութիւնը ապա աւելցուց <<Քրիստոնէութիւնը հաւատքը չի զետեղեր անտրամաբանութեան աշխարհի մէջ , այլ իրականութեան իմաստն ու պատճառը կը վերագրէ ՜՜Ստեղծագործական իրականութեան՝՝ որ Խաչզուած Աստուծոյ մէջ յայտնուեցաւ, որպէս ՜՜Սէր՝՝ որ մեզ կը հրաւիրէ քալելու Աստուծոյ Փնտռտուքի ճանապարհէն։
Նորին Սրբութիւնը ապա բարձր գնահատեց Ճեմելլի համալիրի գործունէութիւնը մանաւանդ անոր <<Բարի Սամարացիի>> օրինակին հետեւողութեան մէջ, որ Կաթողիկէ Համալսարանի առաջին կէտնպատակն է։ Իր առօրեայ ` փնտռտուքի, ուսումնասիրութեան եւ դաստիարակութեան գործունէութեան ընթացքին, Կաթողիկէ համալսարանը այսօր եւս՝ կանչուած է ըլլալու՝ օրինակելի հաստատութիւն մը։ Կաթողիկէ Բժշկական Մասնաճիւղը այն վայրն է, ուր մարդասիրութիւնը հռետորական կարգախօս մը չէ, այլ ամէնօրեայ նուիրումի ապրելակերպի օրէնք։
Իր խօսքը եզրափակելով՝ Նորին Սրբութիւնը ընգծեց որ, Կաթողիկէ վիրաբուժարան մը երազելով՝ Հայր Ակոսդինօ Ճեմելլին - ու իրեն նման ուրիշներ - ուզեցին կեդրոնական տեղ դնել Մարդ արարածը ու կեանքի կարեւորութիւնը։
Ապա իր խօսքը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը սիրալիր խօսք մը ուղղեց Հիւանդանոցի մէջ գտնուող հիւանդներուն անոնց ապահովելով իր աղօթքները, եւ հատատեց թէ՝ <<առանց սիրոյ, նոյնիսկ գիտութիւնը իր արժէքը կը կորսնցնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.