2012-05-03 13:29:11

Թրքական յայտնի «Radikal» թերթի լրագրող Ալի Թօփուզ իր սիւնակին մէջ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան դրդապատճառներուն:


«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ապրիլ 24-ին սկսելով Ապրիլ 25-ին չաւարտեցաւ: Ցեղասպանութեան պատճառները ամբողջութեամբ հասկնալու համար պէտք է ուսումնասիրութիւնը սկսիլ Ապտուլ Համիտի ժամանակաշրջանէն, հասնելով մինչեւ Հրանդ Տինքի եւ Սեւակ Շահին Պալըքչըի սպանութիւնները: Պէտք է հասկնալ, որ սպանութեան մէկ ձեւը չարդարացներ միւս ձեւը: Այսինքն 1915-ի ցեղասպանութիւնը անկէ առաջ տեղի ունեցած սպանութիւնները չարդարացներ»(գրած է թուրք լրագրողը):

Թօփուզի խօսքերով` Ապտուլ Համիտն ու 1915-ի արիւնարբու մարդասպանները նոյն հարթութեան վրայ դնելը ճիշդ չէ, սակայն 1915-ի Ցեղասպաններու մեղքի ծանրութիւնը չի կրնար Ապտուլ Համիտի մեղքերը մաքրել:

Թուրք լրագրողի խօսքերով` 1915-ը ունի երկու պատճառ: Մէկը այն էր, որ «Իթթիհատ վէ թերաքքի»ի («Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն») կուսակցութեան կողմէ որդեգրուած սկզբունքները դաւաճանուեցան եւ անոնք լոկ տեսութիւն մնացին: Անոնք չկատարեցին իրենց խոստումները եւ որոշեցին, որ «Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող բոլոր ժողովուրդները պէտք է խօսին նոյն լեզուով, ունենան նոյն կրօնը եւ պէտք է ստեղծուէր միատարր հասարակութիւն: Այդ ամէնուն հիմքը դրած էր Օսմանեան վերջին կայսրը` Ապտուլ Համիտը:








All the contents on this site are copyrighted ©.