2012-05-03 12:51:41

Արիս Ճանիկեանի «This Angelic Land» Հատորը Պիտի Ներկայացուի Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանին Մէջ։


Հինգշաբթի, 3 Մայիսի երեկոյեան (այսօր), Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ Փօլ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի՝ «Թամ Պրետլի» սրահին մէջ տեղի կ՝ունենայ Արիս Ճանիկեանի նորագոյն հատորին՝ «This Angelic Land»ին՝«Այս հրեշտակային Հողը» (հատորին) շնորհահանդէսը: Ճանիկեանի այս գործը կ՛առնչուի 1992ի Լոս Անճելըսի խռովութեանց, որոնց քսանամեակին առիթով շարք մը ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան քաղաքին մէջ: Հատորին ներկայացումէն ետք տեղի պիտի ունենայ նաեւ քննարկում մը, մասնակցութեամբ՝ Ուանտա Քոլմընի, Լուիս Ճէյ. Ռոտրիկեզի եւ Տի.Ճէյ. Ուալտի, նուիրուած վերոնշեալ հատորին ու Լոս Անճելըսի խռովութեանց:








All the contents on this site are copyrighted ©.