2012-05-03 12:34:49

Ակոսթինօ Ճեմելլի Հիւանդանոցի Սուրբ Սրտի Անուան Կաթողիկէ Համալսարանի Բժշկական Մասնաճիւղը։


Ակօսթինօ Ճեմելլի Հիւանդանոցի պատմութիւնը սկիզբ առաւ 1934ին, երբ երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ Քահանայապետը Հռոմի Մոնթէ Մարիօ շրջանի 37 հեկտարնոց տարածք մը նուիրեց Ճուզեբբէ Թոնիոլօ Հաստատութեան, այնտեղ կառուցելու համար Կաթողիկէ Համալասարանի Բժշկական Մասնաճիւղ մը։ Սակայն միայն 1957ին է որ Պիոս ԺԲ Քահանայապետը, Հայր Ակոսթինօ Ճեմելլիի քահանայական ձեռնադրութեան 50ամեակի առթիւ, անոր ձեռագիր նամակ մը կ՛ուղարկէ խնդրելով որ իրագործէ սկզբնական ծրագիրը։ Եւ 1961-ին, Յովհաննէս ԻԳ Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ՝ Կաթողիկէ Համալսարանի Բժշկական եւ Վերաբուժական մասնաճիւղի բացումը կը կատարուի։ Տարիներու ընթացքին Ճեմելլի Համալիրը զարգացած է զանազան մասնաճիւղերով։
1981-ին՝ Համալսարանի << honoris causa Պատւոյ Տոքթորայի տիտղոս շնորհուեցաւ Կալկաթայի Մայր Թերեզային։ Նոյն տարուայ Մայիս 13ին Մահափորձէն ազատած ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետը կը ժամանէր Հիւանդանոց դարմանուելու համար։
1988 ին Կարտինալ Րացցինկեր պաշտօնական այց կը կատարէր Հիւանդանոց։
Այժմ Հիւանդանոցի մէջ կը գործեն աւելի քան 700 Հետազօտողներ՝ որոնց գործերը հրատարակուած են միջազգային լաւագոյն ամսագիրերու մէջ։ Անոնցմէ 46-ը մաս կը կազմեն <> հետազօտողներու շարքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.