2012-05-02 12:06:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 2 մայիս 2012-ի՝ առաւօտեան ժամը 10.30 անց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն Նորին Սրբութւինը շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն։

Շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները, Սրբազան Քահանայապետը այսօր շեշտը դրաւ Աստուծոյ Խօսքին ու Աղօթքի միջեւ պտղաբեր յարաբերութեան ակնարկելով՝ նախավկայ Սուրբ Ստեփանոսի վկայութեան, երբ Ան դպիրներուն առջեւ խօսելով բացատրեց Յիսուսի յայտարարութիւնը, թէ ինքն է Նոր ուխտի տաճարը իրականացուեցաւ անոր մահով խաչին վրայ, փոխարինելով հնագոյն զոհաբերումները։
Սուրբ Ստեփանոսի համար - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Յիսուսի աշակերտ ըլլալը Անոր հետեւիլն է, մինչեւ Մահ։ Ան կը հասկնայ ներկան աղօթելով ու խորհրդածելով Սուրբ գրութիւններու մասին Սուրբ Հոգիի ներշնչութեամբ։
Յիսուս իր ուսերուն վրայ առաւ մարդկութեան մեղքը, որպէսզի զայն տանի Աստուծոյ սիրոյն ու այն սիրով այրէ ու ոչնչացնէ զայն։ Այսպէսով Խաչին մօտենալը եւ Քրիստոսի հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելը, կը նշանակէ մաս կազմել այս բարեփոխումին։
Իր խօսքը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը հարց տուաւ թէ Սուրբ Ստեփանոս` ո՞ւր գտաւ ուժը զինք հալածողները դիմագրաւելու, միչեւ իսկ իր կեանքը զոհելով ու պատասխանեց <<Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան մէջ, ու խորհրդածելով փըկչագործութեան պատմութեան մասին ։ Անոր նման - յարեց Սրբազան Հայրը - մեր աղօթքը եւս սնունդ առնելու է Աստուծոյ Խօսքէն։

Խորհրդածութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող հաւատացեալները, յատուկէն նշելով Ընկերային Գիտութիւններու Քահանայապետական Կաճառի Անդամները, ու ապա ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. Սիրելի Երիտասարդներ թող Յարութեան ուրախութիւնը շարունակէ ձեր կեանքը զուարճացնել. Ձեր տարիքի ուրախութեան ձգտումի ճառագայթը մի մարէք ու փնտռեցէք իսակական ուրախութիւնը որ միայն Յարուցեալը կրնայ պարգեւել։ Դուք Սիրելի հիւանդներ, քաջութեամբ դիմագրաւեցէք ձեր տարապանքերը իմանալով որ կեանքը պէտք է ապրուի որպէս Աստուծոյ պարգեւ եւ դուք սիրեցեալ նորապսակեալներ, գիտցէք աւետարանի ուսուցումէն դասեր քաղել կերտելու համար սիրոյ հասարակութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.