Պէյրութի Քափիւսէաններու Եկեղեցւոյ Մէջ. «Հայոց Ցեղասպանութեան Լուսաբանումը Արտասահմանեան
Մամուլի Առաջին Էջերուն» Նիւթով Ցուցահանդէսի Բացում Եւ Համերգ
Կազմակերպութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնին, գործակցութեամբ՝
Հայոց Ցեղասպանութեան Երեւանի պետական թանգարան-հիմնարկին եւ աջակցութեամբը՝ Պէյրութի
քաղաքապետութեան, շաբաթ, 28 ապրիլի երեկոյեան , Քափիւսէաններու եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ
«Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանումը արտասահմանեան մամուլի առաջին էջերուն» նիւթով ցուցահանդէսի
բացումը: Ներկայ էին լիբանանահայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, գաղութի
պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Հայոց ցեղասպանութեան
100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով արաբերէնով եւ հայերէնով խօսք առաւ
Ահարոն Շխրտըմեան։ Այս առթիւ պատրաստուած էր գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին
ելոյթ ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ
Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի եւ «Կռունկ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի:
Նուագով ելոյթ ունեցան Իզապէլ Գայայեան` դաշնակ, Զաքար Քէշիշեան` շուի եւ Թամար Յովհաննիսեան`
դաշնակ, Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեաններ` ջութակ: Եզրափակիչ խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով
փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: