2012-05-01 09:59:59

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը Ընկերային Գիտութիւններու Քահանայապետական Կաճառի Անդամներուն
<< Ներումի գաղափարը իր տեղը գտնելու է միջազգային ելոյթներու ընթացքին>>։


Ընկերային Գիտութիւններու Քահանայապետական Կաճառի Անդամներուն իր յղած պատգամին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնած է որ << Ներումի գաղափարը ի յայտ գայ միջազգային այն ճառերուն մէջ որ հակամարտութիւններու լուծումներ կ՛առաջարկեն >>։
Պատմական սխալներն ու անարդարութիւնները կռնան յաղթահարուիլ այն ժամանակ երբ մարդիկը կը ներշնջուին յոյսի եւ բուժումի պատգամէն. Պատգամ մը որ կը նայի յառաջ` ու հեռու է այն բռնութեան շրջագիծեն որուն մէջ յաճախ ազգերն ու պետութիւնները մխրճուած կը մնան։
Նշենք որ Ընկերային Գիտութեանց Քահանայապետական Խորհուրդը իր տարեկան լիանիստ ժողովը գումարած է 27 ապրիլէն - 1 մայիս ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթ Յովհաննէս 23-րդ Քահանայապետի ''Խաղաղութիւն Յերկրի վրայ'' Շրջաբերական Թուղթը







All the contents on this site are copyrighted ©.