2012-05-01 09:49:37

Պենետիկստոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Յառաջիկայ Ամիսներու Գլխաւորելիք Արարողութիւններու Յայտագիրը։
Հովուական Երկու Այցելութիւններ Իտալիոյ մէջ։


Քահանայապետական Ծիսական գրասենեակը հրատարակած է Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ ամիսներու գլխաւորած արարողութիւններու յայտագիրը որ կ՛ընդգծեն Սրբազան Հօր Իտալիոյ երկու թեմերու կատարելիք Հովուական այցելութիւններ միօրեայ այցելութիւն Արէցցօյի թեմին 13 մայիսին ու եռօրեայ այցելութիւն Միլանօ` 1 - 3 Յունիս ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումի առթիւ ։

3 մայիսին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Ճեմելլիի բազմաբուժարան, անոր հիմնարկութեան 50-ամեակին առթիւ։

Յառաջիկայ 13 մայիսին Նորին Սրբութիւնը Հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ Թոսքանա Մարզի Արեցցօ Թեմին ուր հանգրուան կը կատարէ նաեւ Լա Վէրնա եւ Սան Սէբոլգրօ սրբավայրերը։

Սրբազան Քահանայապետի իտալիոյ սահմաններէն ներս 2012 տարուայ առաջին առաքելական այս տեղափոխութիւնը յատկանշուած է Ասսիզի Սուրբ ֆրանչէսկոսի դիմագիծով։


27 Մայիսին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Պենտեկոստէի Սուրբ Պատարագը։

1 - 3 Յունիս ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումի առթիւ` Նորին Սրբութիւնը հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Միլանօ ուր ընտանիքներու մասնակցութեամբ կը գլխաւորէ բացօթեայ հսկումի աղօթքը ու Միլանոյի մարզադաշտին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը ու կը հանդիպի դրոշմեալներու հետ։

7 Յունիսին Հռոմի Լատերանեան Պազիլիքայի մէջ, յետ միջօրէի ժամը 19.30, Քահանայապետը կը գլխաւորէ - Քրիստոսի Մարմնոյ եւ արեան - Սուրբ Հաղորդութեան տօնի արարողութիւնը որուն աւարտին տեղի կ՛ունենայ նաեւ թափօր մը որ Լատերանի Պազիլիքայէն մեկնելով կ՛ուղղուի Սանդա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքա, խուժ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

29 Յունիսին` Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոսի տօնին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ կը հանդիսապետէ Սուրբ արարողութեան որուն ընթացքին նախատեսուած է նոր անուանուած Եպիսկոպոսապետերու Պալիումի յանձնումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.