2012-05-01 10:07:07

Մայիս Ամիսը Նուիրուած՝ Աստուածածին Սուրբ Կոյս Մարիամի


Ինչպէս ամէն Տարի մայիս ամսուայ ընթացքին, որ նուիրուած է Տիրամօր, եկեղեցիներու մէջ կը կազմակերպուին աղօթքի հանդիպումներ, մեծարելու փրկչին ու մեր մայրը եւ խնդրելու անոր բարեխօսութիւնը ։
Դարեր շարունակ Տիրամայրը մեծ դեր ունեցած է եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։ Ան շատ անգամ հանդիսացած է Աստուծոյ պատգամաբերը։Իր տարբեր երեւումներով Տիրամայրը մեզ ուղղած է դէպի լոյսը որ է Յիսուս Քրիստոս։ Ո՜վ կարող է առաւել կերպով գթալ ու սիրել քան մայրական սիրտը։
Այսօր 1 մայիսին կը նշուի նաեւ երջանկայիշատակ ՅՊԲ երանացման առաջին տարեդարձը։ Ան մեծ ջերմեռանդութիւն ունէր Աստուածամօր հանդէպ եւ իր քահանայապետութիւնը ընծայած էր սուրբ կոյս մարիամին, ընտրելով կարճ ու յստակ նշանաբան մը ՜՜Totus Tuus - Ամբողջովին Քուկդ ՝՝ իր քահանայապետական զինանշանին վրայ զետեղելով Փրկչի Մօր սկզբնատառը։
Երանելի ՅՊԲ քահանայապետի երանացման տարեդարձին առթիւ , միանալով՝ անոր աղօթքին, իր հետ միասին կը ձօնենք Տիրամօր նուիրուած այս աղօթքը։
Ամբողջովին Քոնը
Տէր Աստուած մեր
Շնորհիր քո հաւատացեալներին
Մարմնի եւ Հոգու առողջութիւն
Եւ միշտ Կոյս Մարիամի փառաւոր բարեխօսութեամբ
Փրկիր մեզ այս տրտմեցնող չարից եւ առաջնորդիր մեզ դէպի անվերջանալի փառք. Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.