2012-05-01 10:06:36

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Ձեզի ու նաեւ Շատերուն։


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի այս շաբթուայ խմբագրականը նուիրուած է Սրբազան Քահանայապետի Գերմանացի եպիսկոպոսներուն ուղղած նամակին որ Նորին Սրբութիւնը գրած էր Գասթելկանտոլֆոյի մէջ` յետ սուրբ Զատկուայ անցուցած հանգստեան շրջանի ընթացքին։
Սրբազան Հայրը նամակին մէջ կ՛անդրադառնայ սուրբ Պատարգի ընթացքին արեան բաժակի նուիրաբերումի գերմաներէն լեզուի թարգմանութեան ու կ՛ընդգծէ թէ հոն գործածուած <<շատերուն>> բառին տեղ, որ հաւատարիմ թարգմանութիւնն է Աստուածաշունջին, նախընտրելի է գործածել <<բոլորին>> բառը որ աւելի յստակօրէն կը համապատասխանէ Քրիստոսի Փրկչագործ պատգամին։ Սրբազան Քահանայապետը այս նկատողութեամբ կ՛ուզէ հաստատել թէ Յիսուս մեռաւ <<բոլորին համար>> եւ ամէն մէկ քրիստոնայ պարտական է այս իրողութիւնը լաւագոյն ցեւով բացատրելու։
Աստուծոյ խօսքին հանդէպ սիրոյ եւ յարգանքի դաս մըն է այս - կը գրէ հայր Լոմպարտին - .Աստուածաբանական եւ հոգեւոր բարձրորակ եւ էական խորհրդածութիւն մը որպէսզի աւելի խոր կերպով հասկնանք ու ապրինք Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.