2012-04-30 13:08:24

Քուէյթի Առաքելական Նուիրակը Վտանգաւոր Կը Նկատէ Երկրին Մէջ Քրիստոնեաներու Վիճակը։


Ամէնքս հսկողութեան տակ ենք, ըսած է ան։
Ամերիկեան կաթողիկէ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթին, Քուէյթի առաքելական նուիրակը` զուիցերացի գերապայծառ Փոլ Հինտեր, վտանգաւոր կը նկատէ քրիստոնեաներու կացութիւնը` ՜՜ամէնքս հսկողութեան տակ ենք՝՝ ըսած է ան, մատնանշելով որ Քուէյթի մէջ խորհրդարանը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ՝ քուէարկած է մահապատիժը՝ հայհոյողներու համար, նման Փաքիստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ։ Երկրին սահմանադրութիւնը թէեւ կը ճանչնայ կրօնքի ազատութիւնը, սակայն կը պարտադրէ կարգ մը սահմանափակումներ կրօնական ապրումի համար։
70 ամեայ եպիսկոպոսը կը նշէ թէ ինչպէս է կրօնական ազատութիւնը Քուէյթի մէջ, երկիր մը՝ որ 1991-ին՝ իրաքեան բռնագրաւումէն ազատագրուեցաւ ամերկացիներու կողմէ , այդտեղ արգիլուած է որեւէ քրիստոնեային, խօսիլ իսլամի մը հետ, իր կրօնքին մասին ։ Անցեալ մարտին Ալ Ատալա` արդարութիւն կուսակցութիւնը պահանջած է որ սահմանադրութիւնը ճանչնայ իսլամական օրէնսդրութիւնը` շարիան, եւ ջնջուին եկեղեցիները ու սահմանուին պաշտամունքի վայրերը։ Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ կառավարութիւնները բողոք ներկայացուցին այս կարգադրութեան դէմ, սակայն Սէուտական Արաբիոյ վերին իշխանութիւնը պատասխանեց որ Մուհամէտը վճռած է որ ՜՜իսլամ՝՝ կրօնքը ըլլայ միակը Արաբական Ծոցի մէջ։
Նշենք որ Քուէյթի մէջ կ'ապրին 350 հազար քրիստոնեաներ` բնակչութեան 6 տոկոսը։ Անոնք մեծամասնութեամբ օտարներ են։ Յայտնենք նաեւ՝ որ Միացեալ Արաբական Էմիրաթներու եւ Օմանի մէջ քրիստոնեաները, ներկայիս՝ նոյն վտանգաւոր կացութեան մէջ կը գտնուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.