2012-04-30 13:08:14

Նիճերիոյ Պայերօ Համալսարանը Թիրախ Դարձած Է Մահմետական Ահաբեկիչներու։


Զոհերուն թիւը՝ 6 մեռեալ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ։
Քստմնելի արարքը տեղի ունեցաւ Նիճերիոյ Քանիօ քաղաքի կաթողիկէ համալսարանը, ուր տեղի կ'ունենար Ս. պատարագը, (հաղորդագրած է ֆրանսական ԱֆՓ մամլոյ լրատու գործակալութիւնը)։ Ահաբեկիչները (լրագիրներու կարծիքով) կը պատկանին Պաքօ Հարամ խումբին։ Անոնք վերջին տարիներուն բազմաթիւ մահափորձեր կատարած են քրիստոնեաներու ու պետական հաստատութիւններու դէմ, ականելով եկեղեցիներ, ոստիկանատուներ ու ՄԱԿի թաղամասը։ Վերոյիշեալ շարժումը կը միտի իսլամացնել Նիճերիան եւ զայն ենթարկել իսլամական օրէնսդրութեան` ՜՜Շարիային՝՝։
Յայտնենք որ Նիճերիա կազմուած է հաւասարապէս քրիստոնեաներէ ու մահմետականներէ։ Վերջերս մահմետականները, Ռիվեր քաղաքին մէջ, արեւանգած են կաթողիկէ քահանայ մը` հայր Նուիքա Ղինու։ Տեղւոյն ոստիկանութեան համար, արեւանգումին պատճառը, տակաւին յայտնի չէ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.