2012-04-30 13:49:43

Յարձակում Սուրիոյ Կեդրոնական Դրամատան Վրայ։ Պայթումներ նաեւ Իտլիպ-ի մէջ,20 Զոհեր։ Սուրիա Ժամանած՝ ՄԱԿ-ի Այլ Դիտորդներ։ Սուրիոյ Մէջ Դիտորդական Առաքելութեան Ղեկավար Նշանակուած Նորվեկիացի Զօրավար Ռոպերթ Մուտ։


Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ իրարու յաջորդող մի քանի ուժգին պայթումներ տեղի ունեցան այսօր թիրախ առնուելով մայրաքաղաքի Կեդրոնական Դրամատու­նը որ կը գտնուի Դամասկոսի կեդրոնական մէկ թաղամասը: Սուրիոյ պետական հեռուստա-ընկերութեան տուեալներով` վիրաւորուած են 4 ոստիկաններ :
Սուրիացի ընդդիմադիրները տեղեկացուցած են, որ պայթումներ տեղի ունեցած են նաեւ Իտլիպ քաղաքի հիւանդանոցներէն մէկուն մօտակայքը,խլելով 20 զոհեր, ինչպէս նաեւ Համա քաղաքի կեդրոնի մէջ:Մինչ այդ ՄԱԿ-ի այե դիտորդները ժամանեցին Սուրիա բայց բռնութիւնները չեն դադրիր։
Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն Նորվեկիացի Զօրավար Ռոպերթ Մուտը նշանակեց իբրեւ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար։ Զօրավար Մուտ կը ղեկավարէ 300 դիտորդներէ կազմուած առաքելութիւնը: Դիտորդներու տեղակայումը Սուրիոյ մէջ կը սկսի այսօր երեք ամսուայ ժամկէտով:








All the contents on this site are copyrighted ©.