2012-04-30 13:10:54

Միասնաբար Ընթանալ Յոյսի Վկայութիւն Տալով, Հաւատալ Որ Կեանքը Մահէն Աւելի Հզօր Է։


Յառաջիկայ 26 մայիսին Զուիցերիոյ Վալլէ շրջանին մէջ, տեղի պիտի ունենայ ''Յոյսի 11-րդ քայլարշաւը''։ Նախաձեռնութեան նպատակն է՝ մարդոց ցոյց տալ ու ներշնչել որ ամէն բան կարելի է, հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն ու խոջնդոտներուն, քանի որ վստահ ենք որ Աստուած կ'առաջնորդէ մեր քայլերը ու մշտատեւ մեզի կ'ընկերանայ։ Նշենք որ այս նախաձեռնութիւնը առնուեցաւ, որպէս հակազդեցութիւն 11 տարի առաջ կարգ մը անհատներու անձնասպանութեան ի լուր։
''Յոյսի քայլարշաւը'' կ'ուզէ ընթանալ բոլոր անոնց հետ որոնք ի վիճակի չեն առանձին դիմագրաւելու կեանքը, նաեւ թեթեւցնելու ուրիշին լուծը ու ցոյց տալու պատճառները յոյսի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.