2012-04-30 13:08:46

Զմմառու Արծիւեան Միաբանութենէն Երեք Վարդապետներու Քահանայական Ձեռնադրութեան 20-ամեակի Առթիւ Ս. Պատարագ։


Զմմառու Վանքի Մայր Տաճարին մէջ, Շաբաթ 28 Ապրիլի կէսօրին, Ս.Պատարագ տեղի ունեցաւ երեք յոբելեար միաբան վարդապետներու՝ Հ. Եղիա Վրդ. Դերձակեանի, Հ. Վարդան Վրդ. Գազանճեանի և Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի, որոնք բոլորած էին 20 տարին իրենց քահանայական կեանքին: Սուրբ Զոհը մատոյց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը եւ աջս առթիւ յաւուր պատշաճի իր խօսքին մէջ՝ վեր հանեց Քահանայութեան վսեմութիւնը, Զմմառու միաբանի արժանիքները և շնորհաւորեց երեք յոբելեարները, որպէսզի եկող տարիներուն աւելի բեղուն առաքելութիւն ունենան Տիրոջ դաշտին մէջ:
Սոյն արարողութեան ներկայ գտնուեցան՝ Զմմառու Վանքի Մեծաւորը, Պէյրութի Թեմի Արհիապատիւ Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեան, և բոլոր Թեմական Վարդապետները և քահանաները և Լիբանանաբնակ Միաբան Հայրերը, որոնք Վանք հաւաքուած էին թէ' այս առիթով, եւ թէ' Պէյրութի Թեմի այլեւայլ հարցերու շուրջ ժողովի համար: Հրաւիրուած էին նաեւ յոբելեար Վարդապետներու ծնողներն ու բարեկամները:
Յաւարտ Ս. Պատարագին, սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը ի պատիւ երեք յոբելեարներուն, որուն ընթացքին երեքն ալ կարգով խօսք առին, իւրաքանչիւրը իր փորձառրութենէն բան մը պատմելով, անպակաս էին նաեւ հայկական և իտալական երգերը որոնք տօնական փայլ տուին սոյն օրուան ուրախ առիթին: Յոբելեարները մաղթեցին որ նորանոր կոչումներով վխտայ Զմմառու Դպրեվանքը և ներկայ ժառանգաւորներն ալ առանց վարանումի Տիրոջ օգնութեամբ հասնին Քահանայութեան աստիճանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.