2012-04-30 13:08:36

Երկխօսութեան Դէմքեր» Խորագրով Միջազգային Համագումար Պէյրութի Մէջ։


Պէյրութի «Սուրբ Յովսէփի» անուան յիսուսեան հայրերու համալսարանի (USJ) կրօնագիտութեան՝ ՜՜իսլամ-քրիստոնեայ ուսումնասիրութիւններու՝՝ բաժնին մէջ, ուրբաթ՝ 27 ապրիլին, տեղի ունեցաւ «Երկխօսութեան դէմքեր» (Figures de dialogue) խորագրով երկօրեայ միջազգային համագումարին բացումը։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան եւ առաջին օրուան աշխատանքներուն Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը կը ներկայացնէ գերապատիւ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան։ Ներկայ էին նաեւ լիբանանեան տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ։ Երկօրեայ համագումարին, ներդրում ունեցան օտար մասնագէտ հետախոյզներ՝ Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, թիւնիզիէն, եւ Զուիցերիայէն։ Միջամտութիւնները անդրադարձան իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան լիբանանեան կարեւոր դէմքերուն, ապա նշեցին մարտահրաւէրները եւ եղան ապագայի տեսութիւններուն մասին զեկոյցներ, մեկնելով անցեալի փորձառութիւններէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.