2012-04-28 12:57:58

Սուրիա։ Երկու Պայթումներ Դամասկոսի Մէջ,Առ Նուազն 11 Զոհեր։ Ռուսիոյ Նախագահ Մետվետեւ Միջին-Արեւելեան Երկիրներու Մէջ Իշխանութիւնը Ծայրայեղականներուն Ձեռքը Անցնելու Վտանգէն Կը Զգուշացնէ։


Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցած մեծ պայթումը խլած է 11 զոհեր: Պայթումը տեղի ունեցած է Համատանի թաղամասին մէջ գտնուող Զէն ալ Ապտին մզկիթին մօտակայքը:Պայթումը լսելի եղած է նաեւ յարակից թաղամասերուն մէջ: Նշենք, որ նոյն թաղամասին մէջ, այս տարուան սկիզբը տեղի ունեցած էր մեծ պայթում մը , որ խլած էր 40 հոգիի կեանքը։
Իսկ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ ռուսական պատկերասփիւռի կայաններուն հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին միջին-արեւելեան երկիրներուն մէջ իշխանութիւնը ծայրայեղականներուն ձեռքը անցնելու վտանգէն զգուշացուց:
Մետվետեւ ըսաւ, որ «արաբական աշխարհին մէջ կացութիւնը անկայուն է, եւ այդ շրջանի շարք մը երկիրներուն մէջ ծայրայեղականները կը փորձեն իշխանութեան տիրանալ, սակայն (եթէ իրենց նպատակը իրագործեն) անոնց հետ աշխատիլը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ, ատիկա աղէտ է»:
Ան նշեց, որ «որեւէ փոփոխութիւն, նոյնիսկ լաւագոյնը, պէտք է իշխանութիւնը ծայրայեղականներուն փոխանցելու նպատակը չհետապնդէ: Իշխանութեան ծայրայեղականներուն ձեռք անցնիլը գոյութիւն ունեցող վտանգ մըն է, եւ մենք մեր գրաւը այդ բոլոր երկիրներուն մէջ ճիշդ ընտրանք կատարելու մարդոց ուղղուածութեան վրայ կը դնենք»:
Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ շահեր ունի եւ կը ջանայ անոնց հետ բարեկամական ու առեւտրական յարաբերութիւններ մշակել` աւելցնելով, որ Մոսկուա կ՛ուզէ իր քաղաքային եւ զինուորական արտադրութիւններուն շուկայ ստեղծել: Ան հերքեց, որ այս առումով ռուսական քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած է, սակայն նշեց, որ Մոսկուա աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները նկատի կ՛ունենայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.