2012-04-28 12:52:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 9 սարկաւագներ Քահանայ Կը ձեռնադրէ
Կոչումներու Համար Աղօթքի Համաշխարհային Օր


Կոչումներու Համար Աղօթքի Համաշխարհային Օրուայ առթիւ, կիրակի 29 ապրիլի առաւօտեան ժամը 9ին Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ, Սրբազան Հայրը կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին կը ձեռնադրէ Հռոմի թեմի 9 նոր քահանաներ` մէկը Փղոսկրեայ ափունքի քաղաքացի, վեցը իտալացի, մէկ գոլոմպիացի եւ մէկ վիէթնամցի։

Սրբազան Քահանայապետին հետ կը համապատարագեն Հռոմի Թեմի տեղապահը՝ Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինի, Թեմական եպիսկոպոսներ, Նորնծայարաններու Մեծաւորներ եւ ժողովրդապետներ ուր կը ծառայեն ձեռնադրեալ սարկաւագները ։

Անցեալ 13 փետրուարին, Կոչումներու Համար Աղօթքի Համաշխարհային 49րդ Օրուայ առթիւ յղած պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն խնդրած էր որ տեղական եկեղեցիները ըլլան << կոչումներու կեդրոններ>>։
<< Կը յուասամ որ տեղական եկեղեցիները` իրենց զանազանութիւններով, ըլլան կոչումներու ընտրութեան ու արժեւորումի, ու անոնց զգոյշ ուսումնասիրութեան վայրեր։>> Նորին Սրբութիւնը հաստատած էր, գնահատումի անհրաժեշտութիւնը՝ երիտասարդներուն առաջարկելու <<հոգեւոր, իմաստուն եւ հաստատ առաջնորդութիւն>> որ կ՛արատայայտուի նաեւ ընտանեկան կեանքէն ներս, որը <<մարդկային եւ քրիստոնէական կազմաւորումի վայր մըն է>> ըսած է ան։ Կոչումներու Աղօթքի Համաշխարհային 49րդ օրուայ նիւթն է <<կոչումները Աստուծոյ ողորմածութեան պարգեւը։>>


Սուրբ Պատարագէն ետք` Ողջ լեր Թագուհի կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը հեռուստատեսիլի միջոցաւ հայրական խօսք մը կ՛ուղղէ Հռոմի Սուրբ Պօղոսի Պազիլիքայի մէջ` Ճուզէփփէ Թոնիոլոյի Երանացաման արարողութեան մասնակցողներուն ։
Ճուզէփփէ Թոնիոլօ երանելին ծնած է 1845-ին Իտալիոյ Թրեվիզօ քաղաքը։ Ան եղած է տնտեսութեան ու ընկերաբանութեան դասախօս՝ Վենետիկի, Մօտենայի ու Բիզայի համալսարաններուն մէջ։ 1908ին հրապարակած է ընկերա-տնտեսական գրութիւն մը որով լուծումներ կու տար այդ ժամանակաշրջանի ընկերային հարցերուն, զանազանութիւններ դնելով ընդ մէջ՝ դրամագլուխի ու մարքսական մտածելակերպին։
Ան հայր էր եօթը զաւակներու, ու եղած՝ կազմակերպիչը Իտալիոյ կաթողիկէներու Ընկերային շաբաթներուն։ 14 յունուար 2011-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուցած էր Ճուզէփփէ Թոնիոլոյին վերագրուած հրաշք մը։ Նախապէս Պօղոս Զ. Երջանկայիշատակ Քահանայապետը 1971ին Աստուծոյ Ծառայ հռչակած էր Ճուզէփփէ Թոնիոլօ-ն







All the contents on this site are copyrighted ©.