2012-04-28 12:57:30

«Գիրքը՝ Որպէս Ցեղասպանութեան Վկայ» Ցուցադրութեան Բացումը


Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, Երկուշաբթի, 23 Ապրիլին տեղի ունեցաւ «Գիրքը՝ որպէս Ցեղասպանութեան վկայ» խորագրեալ ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացումը: Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է Հայ գրատպութեան 500ամեակին, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ Երեւանը համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով:
Ցուցադրութեան մէջ ներառուած է գրեթէ 300 հնատիպ եւ սկզբնաղբիւրային նշանակութիւն ունեցող տպագիր գրականութիւն: Գիրքերը ցուցադրուած են տարբեր խորագիրներու տակ: Անոնց շարքին կան ճանապարհորդական գրութիւններ, դասագիրքեր, արեւմտահայոց հասարակական, մշակութային ու գործարար կեանքին վերաբերող եզակի հրատարակութիւններ:
Ցուցադրութեան մէջ ընդգրկուած է նաեւ իւրայատուկ գրականութիւն մը, որ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին ձեռք բերուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, բարերար Ճիւան Չելոյեանցի, «Վիւասել-MTS»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի ու «Փիւնիկ» Համահայկական բարեգործական հիմնադրամին աջակցութեամբ:
Ցուցադրուած գրականութեան զգալի մասը կը գտնուի միայն Թանգարան-հիմնարկի ցուցասրահին մէջ: Ցուցադրութեան կազմակերպման գործին իրենց զգալի աւանդը ձգած են ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի գրադարանները:
Ցուցադրութեան բացման ընթացքին, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան յայտնեց, որ այս ցուցանմոյշները այն փաստերն են, որոնք անգամ մը եւս կը վկայեն Ցեղասպանութեան եղելութիւնը









All the contents on this site are copyrighted ©.