2012-04-27 12:32:26

Հայաստանցի Երիտասարդներ Կրթութիւն Կը Ստանան Օտար Երկիրներու Մէջ։


Հայաստանի Կրթութեան ու Գիտութեան Նախարարութիւնը հրապարակեց արդիւնքները այն մրցումներուն, որոնց լաւագոյն մասնակիցները պիտի կարենան միջ-պետական համաձայնագրերով 2012-2013-էն սկսեալ ուսանիլ Լեհաստանի,Ռումանիոյ,Պուլկարիոյ եւ Չինաստանի Համալսարաններուն մէջ։
Ուսանողներուն կրթաթոշակները կը տրամդրուին Կրթութեան ու Գիտութեան Նախարարութեան կողմէ։
Մրցումին մասնակցած են 126 երիտասարդներ, որոնք երկիրներու նախասիրութեան համաձայն բաժնուած են սապէս ՝Լեհաստան 18,Ռումանիա 17, Պուլկարիա 21 եւ Չինաստան 70 ուսանողներ։
Ըստ արդիւնքներուն, մասնակցիներէն 42ը յաջողութիւն արձանագրած են մրցումին ու անոնք առիթը պիտի ունենան վերանշեալ Երկիրներուն մէջ բարձրագոյն ուսում ստանալու։








All the contents on this site are copyrighted ©.