2012-04-27 12:32:16

1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Զոհուած Ասորիներու Յիշատակին Նուիրուած Յուշաքար Երեւանի Մէջ։


Երեւանի Նալպանդեան-Մոսկովեան փողոցներու խաչմերուկին Ապրիլ 25ին բացուեցաւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած ասորիներու յիշատակին նուիրուած յուշաքարը:
«24 Ապրիլի ամբողջ օրը քրիստոնեայ աշխարհը ու ամբողջ հայութիւնը կը նշէին 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած աշխարհի ամենամեծ ոճրագործութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան 97-ամեայ տարելիցը: Ցեղասպանութիւն, որմէ անմասն չէ մնացած նաեւ ասորի ժողովուրդը»այսպէս ըսաւ արձանի բացումէն առաջ վաստակաւոր արուեստագէտ , Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնի դերասան, ազգութեամբ ասորի Ռազմիկ Խօսրոեւ:
Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, ապա շարունակեցին ելոյթները:
Հայաստանի «Աթուռ» ասորական միութեան նախագահ Արսէն Միխայելով նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած բոլոր ազգերն ալ պահանջատէր են Թուրքիայէն:
«Չենք մոռանար զոհերուն յիշատակը, հայ ազգը, ասորին, յոյները, բոլորս պահանջատէր ենք Թուրքիայէն: Անմեղ զոհերու յիշատակը պէտք է յաւերժացնենք եւ պահանջատէր ըլլանք, որ ճանչնան կատարուած ոճրագործութիւնը եւ անպայման հատուցեն այդ կորուստը, որ ունեցած են մեր ազգերը»(ըսաւ Ասորի Միխայելով):
Միխայելով իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով յիշատակեց լուսահոգի վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանը, որ (անոր խօսքով) ժամանակին ասորիներուն հնարաւորութիւն ընձեռած է ունենալու այս Յուշարձանը, նաեւ իւրայատուկ մօտեցում ցուցաբերած է ասորական համայնքին նկատմամբ:
Արսէն Միխաելով իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց նաեւ հայաստանեան ներկայ իշխանութիւններուն` Ասորի համայնքին մշտապէս սատարելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.