2012-04-26 12:36:21

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Դեսպանները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ :


Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն, ի շարս Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած այլ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու, այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ իր յարգանքի տուրքը մատոյց Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան ըսաւ. «Հայերուն համար այսօր շատ կարեւոր օր է, եւ մենք հոս ենք` ոգեկոչելու 1915 թուականի հայերու ջարդերուն յիշատակը»:
Արդարեւ, դեսպանը խուսափեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եզրը օգտագործելէ:

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վեաչեսլաւ Քովալենքո-ն եւս այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգեց մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Ապա ան յայտարարեց, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է խստօրէն դատապարտուի, մարդկութիւնը պէտք է ամէն ինչ ընէ, որպէսզի նման ոճիրներ չկրկնուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.