2012-04-26 12:36:45

Եղիշէ Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»ն Պիտի Թարգմանուի Աշխարհի Բոլոր Լեզուներով։


Հայ մեծանուն գրող Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» հանրայայտ բանաստեղծութիւնը այսուհետեւ յայտնի կը դառնայ ամբողջ աշխարհին. Ան կը թարգմանուի աշխարհի բոլոր լեզուներով:

Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Լիլիթ Յակոբեան կատարծ ասուլիսին յայտնեց որ թանգարանի նախաձեռնութեամբ կը նախատեսուի բանաստեղծութիւնը թարգմանել աշխարհի բոլոր լեզուներով: Ան նշեց, որ 30 երկիրներէն արդէն ստացած են թարգմանութիւնը: Լիլիթ Յակոբեան նաեւ ըսաւ, որ նոյնիսկ մէկ լեզուով, ունին թարգմանութեան քանի մը տարբերակներ:
« Եւթովպերէնից անգամ ունենք թարգմանութիւնը: Մի քանի տարբերակ ունենք պարսկերէն լեզուով, սպաներէնով` 3 տարբերակ, ֆրանսերէնով` երկու: Երեւի կը ստեղծուի մասնագիտական յանձնաժողով, որը կ'ընտրի, թէ որն է բնագրին աւելի հարազատ»,- ըսաւ թանգարանի տնօրէնը:

Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէնը նշեց նաեւ, որ առաջին անգամ կը նախատեսուի նաեւ Չարենցի ստեղծագործութիւններու թարգմանութիւնը անգլերէն լեզուով, որուն նախաձեռնողը դարձեալ թանգարանն է, իսկ թարգմանութիւնը պիտի կատարէ գրող, թարգմանիչ Սամուէլ Մկրտչեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.