2012-04-26 12:35:05

Արաբական Գարունէն մէկ տարի ետք - Քրիստոնեաներու մասին Ուսումնաժողով


Եւրոպայի Խորհրդարանի Ժողովրդական () եւ Պահպանողական () խմբակներու նախաձեռնութեամբ ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւրոպայի եպիսկոպոսներու յանձնախումբի համագործակցութեամբ յառաջիկայ 9 մայիսին նախատեսուած է <<Քրիստոնեաները արաբական աշխարհի մէջ։ Արաբական գարունէն մէկ տարի ետք>> վերնագրով սեմինար մը։
Վեարոյիշեալ ուսումնաժողովին հրաւիրուած են միջազգային գետնի վրայ ճանչցուած զանազան կարեւոր կազմակերպութիւններ որոնց շարքին նշենք Կարօտեալ Եկեղեցւոյ օգնութիւն կազմակերպութիւնը որոնք պիտի ներկայացնեն այս հարցին շուրջ իրենց տարած ուսումնասիրութիւններն ու վերլուծումները։
Ուսումնաժողովին իրենց վկայութիւնը կը բերեն նաեւ Արեւելեան Քրիստոնեայ աշխարհէն անձնաւորութիւններ ինչպէս եգիպտացի լրագրող Տոքթոր Գորնէլիուս Հուլսամ, Դամասկոսի Մարոնիներու եպիսկոպոս` գերապայծառ Սամիր Նասսար, Երուսաղէմի Սուրբ Երկրի Պահակ` հայր Բիէրպաթթիսթա Բիցցպալլա եւ Լիբանանու երբեմնի ֆինանսներու նախարար Տիար Տէմանիոս Գադդար։

Ուսումնաժողովին կետնպատակն է հասկնալ թէ որքանով <<արաբական գարունը>> իրականացուց ժողովրդավարութեան` մարդու հիմնական իրաւունքի եւ ազատական արժէքներու ակնկալումները։

Միօրեայ այս Սեմինարը տեղի կ՛ունենայ Պրիւսսէլի Եւրոխորհրդարանի սրահներէն մէկուն մէջ Մայիս 9ի յետ միջօրէին ժամը 16.30 - 19.00 ։








All the contents on this site are copyrighted ©.