2012-04-25 13:19:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։
՜՜Աղօթքը Հոգւոյ եւ Կեանքի շունչն է՝՝։


Չորեքշաբթի 25 ապրիլ 2012, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն որոնք խմբուած էին Ս. Պետրոսի հրապարակը։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը աղօթքի մասին, Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան դիմագրաուած մարտահրաւէրներու մասին անդրադառնալով նա մանաւանդ ողորմութեան հովուութեան հարցերու շուրջ։ Խորհրդածութեան նիւթը քաղուած էր <<գործք առաքելոց>> ի գիրգէն ուր կը պատմուի 7 սարակաւագներու` վկայեալ անձերու, ընտրութեան մասին որպէսզի անոնք հոգան հասարակութեան կարիքներուն ու աշակերտները կարենան շարունակել իրենց նուիրումը աղօթքի եւ Խօսքի ծառայութեան։
Այս ընելով Առաքեալները ցոյց կու տան Աստուծոյ` անձնական ուհասարակական աղօթքի առաջնահերթութիւնը։
Աղօթք ու Խօսքի ծառայութիւն միացած են։ Սուրբերու կեանքը կը յայտնաբերէ աղօթքի ու գործունէութեան խոր միութիւնը. Աստուծոյ հանդէպ անհուն սիրոյ եւ եղբայրակիցներու հանդէպ միութիւնը։
Բազմազբաղ եւ մոլեգին կեանք մը կը կարծրացնէ սրտերը ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւելցուց. Սիրելի եղբայրներ, այս թանկագին իրողութիւնը այսօր եւս` արտադրողականութեան եւ արդիւնաւետութեան աշխարհի մէջ գնահատելու ենք։ Աշխատանքը կարեւոր է սակայն մենք Աստուծոյ կարիքը ունինք, անոր լոյսին կարիքը։ Առանց ամենօրեայ աղօթքին գործնականութիւնը մեզ կը թակարդէ։ ՜՜Աղօթքը Հոգւոյ եւ Կեանքի շունչն է՝՝։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ու ապա հայրական յատուկ խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն զանոնք հրաւիրելով սորուելու Քրիստոսի դպրոցէն ու հետեւելու անոր հետքերուն, ու ըլլալու կեանքի Աւետարանի առատաձեռն ծառաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.