2012-04-25 13:22:05

՝՝Անհրաժեշտութիւն է Վերադարձնել կամ Փոխհատուցել Բռնագրաւուած Կալուածները՝՝. Պոլսոյ Ցուցարարներուն Նամակը Արամ Ա.ին Վեհափառին։


Թուրքիոյ «Մարդու Իրաւունքներու Կազմակերպութիւն»ը Պոլսոյ մէջ ցոյց մը կազմակերպեց 24 Ապրիլին, պահանջելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ապա խումբը քայլերթով ուղղուեցաւ դէպիՊոլսոյ պատմական Նամակատունը եւ նամակ մը ուղարկած՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ուղարկուած նամակը:
«Վեհափառ Տէր,
«Այսօր՝ 24 Ապրիլ 2012, Հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբը խորհրդանշող Պոլսահայ մտաւորականներու ձերբակալման 97-րդ տարելիցն է:
«24 Ապրիլ 1915-ի ձերբակալութիւնները սկիզբն էին գործընթացի մը, որուն հետեւանքով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ( որ ոչ միայն դարեր շարունակ Հայոց հոգեւոր կեդրոններէն մէկն էր, այլ նաեւ մշակութային ու ընկերային ինքնութեան մը ներկայացուցիչը ) իր սեփական հողէն վտարուելով աքսորուեցաւ Անթիլիաս:
«Մենք՝ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ, այս նամակով կը փափաքինք յայտարարել մեր հաստատ համոզումը թէ Կաթողիկոսութեանդ սեփական վայրը այս պատմական հողերն են:
«Նաեւ յարգանքով կը խոնարհինք Ցեղասպանութեան զոհ գացած, իրենց ամբողջ ունեցուածքը կորսնցուցած, հայրենի հողին վրայ իրենց պատմական հետքերուն ջնջման փաստին առջեւ գտնուած օսմանեան հայերու յիշատակին առջեւ:
«Այս նամակով կը յայտնենք նաեւ թէ պաշտպան կը կանգնինք Ցեղասպանութենէն վերապրած ու աշխարհի չորս կողմերը ցրուած հայերու զաւակներուն եւ թոռներուն իրաւունքներուն:
«Կը ձայնակցինք ՁերՎեհափառութեան 31 Օգոստոս 2011 թուակիր ու Թուրքիոյ Վարչապետին ուղղուած նամակին, որ կը վերաբերէր ոչ-իսլամական «վագըֆ»ներու (հիմնարկներու) կալուածները իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելու պահանջին: Նշուած նամակով կը յիշեցնէիք. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը բազմաթիւ եկեղեցիներու, հիւանդանոցներու, ծերանոցներու, որբանոցներու, գերեզմանատուներու եւ այլ ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու, որոնք 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն բռնագրաւուեցան թուրք պետութեան կողմէ»:
«Ինչպէս նաեւ նշած էք. «Հայ ժողովուրդը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը տուներուն, գործատեղիներուն ու կալուածներուն` ժառանգուած իրենց նախահայրերէն, որոնք զոհ գացին Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան»:
«Ձեր նամակով կը շեշտէիք՝ «Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադրի Թուրքիայէն արդարութի՛ւն պահանջելէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար, եւ երբեք պիտի չդադրի իր մարդկային իրաւունքներուն վերահաստատումը պահանջելէ»: Ձեր խօսքը վարչապետին ուղղելով կ'աւելցնէիք. «Պրն. վարչապետ, արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ յանձնառու ըլլալու ձեր յայտարարութիւնը կը դառնայ վաւերական այն ատեն միայն, երբ ճանչնաք Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
«Այս նամակով կ'ուզենք յայտնել Ձեր Վեհափառութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի համայն հայութեան, թէ Ձեր պահանջները մարդկային ամէնէն հիմնական իրաւունքներու համազօր են։
«24 Ապրիլ 2011-ին, երբ մէկտեղուած էինք 1915-ին ձերբակալուած մտաւորականներու յիշատակը ոգեկոչելու, նոյն պահուն կը սպաննուէր Պաթման նահանգի թրքական բանակի զօրամասին մէջ ստիպողական զինուորական ծառայութիւն ընող հայ երիտասարդ՝ Սեւակ Շահին Պալըքճըն:
«Հակասական բացատրութիւններով հանդէս եկած պատկան մարմինները, ոճիրը համարեցին պարզ «արկած» մը: Մինչդեռ հարցաքննութիւններու եւ խուզարկութիւններու արդիւնքները արդէն ցոյց կու տային թէ կատարուածը ոճիր մըն էր:
«Սեւակ Պալըքճըի մահը կը փաստէ թէ 1915-էն ի վեր հայերը կեանքի ապահովութիւն չունին Թուրքիոյ մէջ, դեռ կը շարունակուի ցեղասպանութիւնը եւ 97 տարուան ժխտողականութիւնը իսկական պատճառն է ցեղասպանական այս երեւոյթին գոյատեւման:
«24 Ապրիլ 1915-ին հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնով սկսած բնաջնջումը շարունակուեցաւ ներառնելով ասորիները եւ Անատոլուի յոյները:
«Այս նամակով Ձեզի եւ Ձեր միջոցաւ բոլոր վերապրողներու զաւակներուն կը յայտարարենք թէ արդարութեան հաստատման համար անհրաժեշտ պայման է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը: Անհրաժեշտութիւն է վերադարձնել կամ փոխհատուցել բռնագրաւուած կալուածները եւ ինչքերը»:
Յարգանօք՝
Մարդկային Իրաւանց Միութեան
Պոլսոյ մասնաճիւղի
Ցեղապաշտութեան եւ Խտրականութեան Դէմ Յանձնախումբ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.