2012-04-25 13:21:27

"Tu es Petrus" Կոչուած Ընկերակցութեան7-րդ Տարեդարձը. Անոր Նպատակներէն Մէկն Է Ծաւալել Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Ուսուցումը։


Կաթողիկէ միջազագային "Tu es Petrus" կազմակերպութիւնը 27 ապրիլին կը տօնէ իր հիմնարկութեան 7-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ գոհաբանական համապարագ կը մատուցուի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի գերեզման-խորանին վրայ։ Պատարագիչ հայրերն են` կարտինալներ Մարթանս, Գոշ եւ տէ Ճորճի` նախագահները վերոյիշեալ ընկերակցութեան Խորհուրդի տնօրէնութեան, ընդհանուր խորհուրդի եւ գիտական կոմիտէին։ Ընկերակցութիւնը` հիմնուած իտալացի լրագրողի մը կողմէ, ներկայիս կը հաշուէ 10 հազար անդամ, որոնց մէկ երրորդը կղերական են։ Անիկա ունի որպէս նպատակ ծաւալել Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ուսուցումը ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը։ Ընկերային մարզին մէջ ընկերակցութիւնը օգնութեան կը հասնի չքաւորներու, հիւանդներուն, գաղթականներուն ու բանտարկեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.