2012-04-24 14:14:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գահակալութեան 7-րդ Տարեդարձը։


Այսօր 24 ապրիլ 2012, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գահակալութեան 7րդ տարեդարձն է։ Այս առթիւ Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթ՝ Օսսերվաթորէ Ռոմանոն ու իտալական Իլ Սօլէ 24-օրէ թերթը, այսօր լոյս տեսած իրենց թիւերուն մէջ հրատարակած են նաեւ <<Ժոզէֆ Ռացինկէր Աստուածաբան եւ Քահանայապետ>> վերտառութեամբ 88 էջնոց գիրք մը։
19 ապրիլ 2005ին 79-ամեայ Ժոզէֆ Ռացինկէր Կարտինալը, Քահանայապետ կ՛ընտրուէր յաջորդելով՝ երջանկայիշատակ ՅՊԲ սրբազան Հօր ու ստանձնելով անոր թողած` Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ղեկի դժուարին ժառանգութիւնը։
Վերոյիշեալ գիրքը կ՛ուզէ ի յայտ բերել մտաւորականի մը դիմագիծն ու գործունէութիւնը որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ճշմարտութեան անսպառ փնտռտուքին հաւատքի ու բանականութեան միջեւ մշտատեւ երկխօսութեամբ, ամէնուն հակնալի բարբառ մը գործածելով։
Մի քանի օր առաջ, 16 ապրիլին, Նորին Սրբութիւնը ամբողջացուց իր 85ամեակը, այս զոյգ յոբելեաններու առիթով մեր սրտագին մաղթանքները կ՛ուղղենք Սուրբ Պետրոսի յաջորդին մեր աղօթքները նուիրելով առ Աստուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.