2012-04-24 14:14:56

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն՝ Հայր Փետերիքօ Լոմպարտին Իր շաբաթական խմբագրականին մէջ, նշելով՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գահակալութեան 7-րդ տարեդարձը, յոյս յատնած է որ ՝՝Սրբազան Հօր խօսքերը՝՝ աւելի յարգանքով ունկնդրուին։ Հայր Լոմպարտին ապա անդրադարձած է յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին նախատեսուած ձեռնարկներուն ինչպէս ՜՜Հաւատոյ Տարին, Նոր Սւետարանացումի Սիւնհոդոսը, եւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի աշխատանքներու սկզբնաւորութեան 50րդ տարեդաձը՝՝ ու նաեւ ՜՜Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան կատարելիք առաելական ճամբորդութիւնը՝ Արեւելքի եկեղեցիներու յանձնելու Արեւելքի Եկղեցւոյ ի սպաս 2010ին գումարուած Սիւհոդոսի յետ սիւհոդոսական յորդորագիրը՝՝։
Հայր Լոմպարտին ապա կ՝անդրադառնայ <<մանկապղծութեան>> հարցին, մաղթելով որ՝ համայն եկեղեցւոյ մէջ կանխարգիլումը եւ մաքրագործումը աւելիով ուժեղանայ բոլոր եպիսկոպոսական դասերու յանձնառումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.