2012-04-24 14:18:03

՜՜Չինաստանի Եկեղեցւոյ Համար՝՝ Յանձնախումբի 5-րդ Խորհրդաժողովը Վատիկանի Մէջ։


Աշխարհականներու կազմաւորումը բանակցութիւններու առանցքը կը հանդիսանայ։
Չինաստանի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեանքի մասին Եպիսկոպոսական յանձնախումբը, իր 5-րդ ժողովը կը գումարէ Վատիկան, 23-25 ապրիլ։ Ժողովին մասնակցողները մասնաւորապէս կը դիմագրաւեն աշխարհականներու կազմաւորումին հարցը, ներշնչուելով ''հաւատք տարի'' նիւթէն, որուն աշխատանքները պիտի սկսին յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ։ Ժողովականները նաեւ պիտի քննարկեն ցայժմ իրականացած քահանաներու կազմաւորումի հանգրուանները։ Նշենք որ Չինաստանի եկեղեցւոյ համար յանձնախումբի խորհրդաժողովին մաս կը կազմեն Վատիկանեան ժողովներու կառավարիչները եւ Չինաստանի եպիսկոպոսներու ու կրօնաւորական միաբանութիւններու ներկայացուցիչները։ Յանձնախումբը հաստատուած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն 2007 թուականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.