2012-04-23 12:14:50

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 23 ապրիլ 2012 առաւօտեան ժամը 11ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Արեւելեան Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, հուսկ ժամը 11.30 ունկնդրութիւն շնորհեց Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ շարք մը եպիսկոպոսներու որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Իսկ անեցալ շաբաթ օր, 21 ապրիլին, Սրբազան Հայրը ընդունելով Քահանայապետական բարեսիրական հիմնադրամի շուրջ 120 անդամներ, անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ ընգծեց <<Կիներու պատմական դերը Միացեալ Նահանգներու Եկեղեցւոյ Կառուցումի առնջութեամբ>>։Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը նշեց Գաթերի Թէգագուիթա եւ Մարիան Գոփի երանելիներու օրինակը։ Քահանայապետական բարեսիրական հիմնադրամի կէտնպատակն է նպաստել եկեղեցւոյ առաքելութեան ու աջակցիլ բարեգործական ձեռնարկներու նա մանաւանդ Արեւելեան եւրոպայի` Լատին ամերիկայի եւ Ափրիկեան ցամաքամասի շրաջաններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.