2012-04-23 13:35:05

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Տեղեկացնող Ցուցապաստառ՝ Նովոռոսիյսկ - Սոչի Դաշնային Մայրուղիին Վրայ ։


Ռուսաստանի դաշնային նշանակութեան Ì4 Նովոռոսիյսկ-Սոչի մայրուղիին վրայ, Գրասնոտարի երկրամասի, Դուաբսէի շրջանի, Նովոմիխայլովսկի գիւղին մօտ տեղադրուած է ցուցապաստառ, որ կը տեղեկացնէ 1915-22 Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկրամաս» Պարբերականը:

«Երկրամաս»ը նաեւ կը յիշեցնէ, որ ցուցապաստառները նախապատրաստուած էին Հայկական համակարգող խորհուրդին որոշմամբ: Անոնք 3õ6 մ չափի պաստառներ են, որոնց վրայ ներկայացուած է ներկայիս Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի տեսարանները եւ ՌԴ նախագահ Վ. Փութինի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան լուսանկարներ:
Նաեւ ցուցապաստառներուն վրայ տեղակայուած է ՌԴ նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան - ուսումնարանի յիշատակի գիրքին մէջ կատարուած արձանագրութիւնը. «Ռուսաստանը Հայ ժողովուրդին ցաւն ու ողբերգութիւնը մշտապէս ընկալած է իբրեւ սեփական: Արդ ցած խոնարհեցնենք մեր գլուխները Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Առջեւ»:
«Երկրամաս» Պարբերականը նախապէս եւս ներկայացուցած է նմանատիպ պաստառներու տեղադրման մասին, որոնք դրուած են Սոչի քաղաքի շարք մը շէնքերու վրայ, ինչպէս նաեւ մեծ պաստառ, Սոչի քաղաքի Լազարեւեան շրջանի կեդրոնական հրապարակին վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.