2012-04-23 13:34:21

՜՜Կուրճիէֆ՝՝ Համոյթի Ելոյթը Հռոմի Մէջ- Իտալիա։


Ի Յիշատակում՝ ՜՜Հայոց Մեծ Եղեռնի՝՝ 97-ամեակին, Ապրիլեան Նահատակաց տօնախմբութիւններու ծիրէն ներս, կիրակի 22 Ապրիլին երեկոյեան, ՜՜Կուրճիէֆ՝՝ի անուան հայկական ժողովրդական գործիքային նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ Հռոմի Ս Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ։
Ձեռնարկը կազմակերպած էին, Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդը, մասնակցութեամբ՝ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի յանձնախումբին ու հայ մշակոյթի ու վաւերագրումի կեդրոնին, հովանաւորութեամ Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութեան։
՜՜Կուրճիէֆ՝՝ համոյթի նուագողները իրենց հայկական/արեւելեան ժողովրդական նուագի գործիքներով՝ Դուդուկ, Բլուլ, Քամանչա, Ուդ, Քանոն, Թառ-սազ,Թափ ու դոհլի վրայ ներկաներուն հրամցուցին հայկական ժողովրդական կտորներ ու սրբազան երգեցողութիւն, որոնց նուագաւորումը կատարած է Լիբանահայ արուեստագէտ Լեւոն Էսքենեան, որ այժմ կ՝ապրի ու կը ստեղծագործէ Հայաստանի մէջ, ու իր խումբին՝ ՜Տը Կուրճիէֆ՝՝ խումբին հետ կը շրջագայի ամէն տեղ ելոյթներ ունենալով ամենուրէք։
Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցին ծայրէ ծայր լեցուն էր հայ եւ յատկապէս իտալացի արուեստասէրներով։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի անձնակազմէն Տիկին Նուարդ Գրիրորեան-Մերքատենթի ներկայացնելով արուեստագէտները որոնք մեծ բծախնդրութեամբ պատրաստած էին յայտագիրը եւ որ տեւեց մէկ ու կէս ժամէ աւելի, արժանանալով ներկաներու մեծ գնահատանքին ու ծափահարութիւններուն։ Աւարտին խօսք առաւ Լեւոնեան հայ դպրեվանքի մեծաւորը գերյարգելի Հ. Գէորգ Ծ Վրդ. Նորատունկեան, որ նուագախումբին գործը գնահատելէ ետք ու յիշելէ ետք թէ՝ հանդիպումին առիթը Մեծ Եղեռնի յիշատակումն էր, սակայն հայ ժողովուրդը կ՝ապրի ու կը գոյատեւէ։ Եթէ հարց տանք թէ ինչու հոս ենք այո նշելու հայոց դէմ կատարուած ջարդը սակայն նշելու որ հայ ժողովուրդը միշտ ողջ է, կը ստեղծագործէ, կ՝ապրի երգով ու արուեստով, նաեւ ցոյց տալով թէ կարող է միշտ ըլլալ ուր որ ալ գտնուի մասնակից ամէն մարզի մէջ։ Մենք հայրերս որպէս քրիստոնեայ կը հաւատանք ՜՜Յարութեան՝՝ իրականութեան, եւ հայերը որոնք զոհուեցան կ՝ապրին արդէն ՜՜Քրիստոսի հետ Յարութեան երջանկութիւնը՝՝։
Հակիրճ տեղեկութիւն մը եւս ՜՜Կուրճիէֆ՝՝ ի մասին.
Գէորգի Կուրճիէֆ ծնած է 13 յունուար 1866-ին, Կիւմրիի եղած է հայազգի միսթիք փիլիսոբայ, անոր հայրը ծագումով յոյն էր գուսան ուստա ադաշը, իսկ մայրը հայ (Կիւմրեցի) իր նախնական ուսումը ստացած էր Կիւմրիի մէջ, ապա շարունակած Կարսի դպրոցին մէջ, Եղած է հայ մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի դասընկերը։ Որոշ Կուրճիվագէտներ կըսեն թէ ան նաեւ եղած է Ստալինի դասընկերը երբ կ՝ուսանէր Վրաստանի դպրեվանքի մէջ։ Ան վախճանած է 29 Հոկտեմբեր 1949-ին՝ ֆրանսայի մէջ։ Ի դէպ անոր երաժշտական գործերը որ մինչեւ այսօր (նուագիչները կը ներկայանեն) համերգներու ընթացքին հասած են շնորհիւ այդ տարիներուն պատրաստուած արձանագրութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.