2012-04-22 12:10:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ''Ողջ Լեր Թագուհի'' Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 22 ապրիլին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, կէսօրին` ՜՜Ողջ Լեր Թագուհի՝՝ մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները ուր կը պատմուի Յիսուսի առաքեալներուն երեւումի մասին ։
Արտասանելէ ետք ՜՜Ողջ Լեր Թագուհի՝՝ մարեմեան աղօթքը Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջույնի խօսք ուղղեց ներկաներուն նշելով Աստուծոյ աղախին Սուրբ Հաղորդութեան` Մարիա Ինէս Թերեզայի երանացումը որ տեղի ունեցաւ Մէքսիքոյի մէջ ու մատնանշելով Յիսուսի Յարութեան ըսաւ.<< Տիրոջ Յարութիւնը մեր սրտերը լեցուց լոյսով եւ ուրախութեամբ -ու աւելցուց- Ան մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու իրեն վկաները>>։ Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց իտալացի ուխատաւորներու UNITALSI կազմակերպութեան մաս կազմող << մանուկներ խաղաղութեան առաքելութեան ի սպաս>> խումբին որ Հռոմի Քաղաքապետ` Տիար Ճաննի Ալէմաննոյի առաջնորդութեամբ ներկայ գտնուեցան Մարեմեան աղօթքին։
Հուսկ բոլորին մաղթելով Բարի Կիրակի Սրբազան Հայրը ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.