2012-04-21 13:03:27

Վաղը ֆրանսայի Մէջ Նախագահական Ընտրութիւնները։ Նախընտրեալը կը Թուի Ըլլալ ֆրանսուայ Հոլլանտ։


Վաղը ֆրանսայի մէջ տեղի կ՝ունենան նախագական ընտրութիւններու առաջին հերթը,եւ կատարուած բոլոր հարցախոյզները նախընտրեալ,այսինքն յաղթական ցոյց կուտան Ընկերվարական ֆրանսուա Հոլլանտ-ը։ Ընտրութիւններու Բ.շրջանը տեղի պիտի ունենայ 6 Մայիսին եւ ճիշդ երկրորդ շրջանին է որ Ընտրութիւններէն յաղթական դուրս պիտի գայ Ընկերվարական Հոլլանտը,վերջ դնելով այսպէս պահպանողականներու 17տարուայ իշխանութեան(ըստ հարցախոյզներուն) որոնց արդիւքներու համաձայն Նախագահ Սարքոզի կը ստանայ քուէներու հարիւրէն 42ը իսկ Հոլլանտ քուէներու հարիւրէն 54 տոկոսը։ Միւս կողմէ ըսենք որ չորս ֆրանսացիէն մէկը դեռ տակաւին որոշած չէ թէ որու պիտի քպուէարկէ։
Ֆրանսացի հետազօտողները ծայրայեղ աջակողմեաններու առաջնորդ Մարին Լէ Փենը կը տեսնեն 3-րդ տեղը, արմատական ձախակողմեան գործիչ Ժան Լիւք Մելենշոնը` 4-րդ տեղը: Կեդրոնամէտ Ֆրանսուա Պայրուն ընտրութիւններու արդիւնքներով հաւանաբար կ'ըլլայ 5-րդը: 2 յառաջատար թեկնածուներն ալ խոստացած են հաւասարակշռել երկրի պիւտճէն: Սարքոզին իր մրցակիցի հասցէին ըսած է, թէ ան նախապէս երբեք կառավարական բարձր պաշտօններ չէ ունեցած:








All the contents on this site are copyrighted ©.