2012-04-21 12:10:55

Նորին Սրբութեան Շնորհակալութեան Խօսքը Լիբսիայի Կվենտհաուզ Նուագախումբի Անդամներուն։


Ուրբաթ 20 Ապրիլի յետմիջօրէին՝ Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ, համերգ մը գործադրուեցաւ, նուիրուած՝ Լիբսիայի Կվենտհաուզ նուագախումբի կողմէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին անոր ծննդեան 85-րդ տարեդարձին առթիւ։
Նուագախումբը գործադրեց Մենտելսընի երկրորդ սէնֆոնին, ղեկավարութեամբ՝ Մայեսդրօ Շելլիի։
Համերգին աւարտին, Նորին սրբութիւնը շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց ըսելով. ՜՜ ձեր այս սքանչելի գործադրութեան համար շնորհակալ եմ, դուք ինծի եւ բոլոր ներկաներուն մեծ նուէր մը կատարեցիք։ Արդարեւ Մենտելսընի Բ. սէնֆոնին Աստուծոյ ուղղուած՝ գոհաբանութեան մեծ մեղեդի մըն է, աղօթք մը՝ որով փառաբանեցինք ու շնորհակալութիւն յայտնեցինք Տիրոջ իր պարգեւներուն համար՝՝։ Ապա Սրբազան Հայրը ըսաւ . կ'ուզեմ իմ շնորհակալութիւնս յայտնել բոլոր անոնց որոնք գործադրեցին սէնֆոնին, նուագողներուն ու երգիչներուն, Լիպսիա քաղաքի քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններուն եւ բոլոր անոնց որոնք այս առթիւ Գերմանիայէն եկած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.