«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Տեղական Մարմիններ Բացած է Իտալիոյ եւ Քուէյթի Մէջ։
Այս տարուան Ապրիլին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը տեղական մարմիններ բացաւ երկու
երկիրներու մէջ եւս ` Իտալիոյ եւ Քուէյթի մէջ: Այսպիսով, 2012-ը Հիմնադրամի պատմութեան
մէջ նշանաւոր դարձաւ երկու յոբելինական թիւերով. իր հիմնադրումէն 20 տարի անց «Հայաստան»
համահայկական հիմնադրամը աշխարհին կը ներկայանայ իր 25 ներկայացուցչական գրասենեակներով,
որոնք կը գործեն աշխարհի 23 երկիրներու մէջ: