2012-04-20 12:55:54

Կարտինալ Գոթիէի Արտայայտութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հօր Քահանայապետութեան 7-րդ Տարեդարձին Առթիւ։


Քահանայապետական Տան վաստակաւոր աստուածաբան՝ զուիցերացի Կարտինալ Գոթիէ, վերակոչելով Սրբազան Հօր Քահանայապետութեան 7-րդ տարեդարձը կը գրէ.՜՜Լաւ հասկնալու համար ներկայ՝ Պենետիկտոս ԺԶ-ի քահանայապետութիւնը, պէտք չէ մոռնանք Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը։
Սրբազան Հայրը 2005-ին իր ուղղած ճառով՝ անմիջական աշխատակիցներուն ըսած էր. ՜՜Եկեղեցւոյ վերանորոգումը կը կայանայ շարունակականութեան մէջ՝՝։ Ան իր առաջին շրջաբերական թուղթին մէջ խօսեցաւ ՜՜Յոյսի՝՝ մասին, երբ ներկայ ընկերութիւնը ու մշակոյթը կը գտնուի տագնապի մէջ։ Ան հրաւիրեց ընկերութիւնը ուրախութեան, ու նաեւ ճանչնալու կեանքի գեղեցկութիւնը։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կարելի է ՜՜Աստուծոյ մարդը՝՝ որակել ։ Անոր ներքին կեանքը, Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կեանքէն աւելի խաղաղ է։ Գերմանացի Քահանայապետը կ'աշխատի կացութիւնները ողբերգական չդարձնել , եւ յաչս ցաւալի դէպքերուն չի խռովիր այլ խաղաղ կը մնայ։
Ան կ'ապրի իր քարոզութեան ուրախութիւնը խոր անդորրութեամբ։
Նշենք որ տարբեր անձնաւորութիւններ՝ եկեղեցական թէ քաղաքական, իրենց մեծարանքը արտայայտած են, Պենետիկտոս ԺԶ-ին, անոր Քահանայապետութեան 7-րդ տարեդարձին առթիւ, իր հովուութիւնը իմաստութիւն ու անդորրութիւն որակելով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.