2012-04-20 13:17:38

Թուրքիոյ Կաթողիկէները Թուրքիոյ Կառավարութենէն Կը Պահանջեն 200 Կալուածներու Վերադարձումը ։


Թուրքիոյ Կաթողիկէ համայնքը Թուրք Պետութենէն պահանջեց վերադարձումը աւելի քան 200 կալուածներու հիմնուելով սեփականութեան այն ցանկին վրայ, որը մաս կը կազմէ 1913ին կնքուած համաձայնութեան մը ՝ Օսմանեան Կայսրութեան ու ֆրանսայի Պետութեան միջեւ ,որ այդ շրջանին (ֆրանսան) կը ներկայացնէր Հռոմի Եկեղեցին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։
(Այս լուրը կը տեղեկացնէ թրքական "ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ" օրաթերթի անգլերէն տպագրութիւնը)։

1913-ի այդ ցանկը կը բովանդակէ եկեղեցիներ,դպրոցներ,որբանոցներ,գերզմաններ ու հիւանդանոցներ որոնց մէկ մասը դեռ տակաւին գոյութիւն ունին Պոլսոյ մէջ(շուրջ 100 կալուածներ) իսկ մնացեալը Անգարա,Ատանա,Տրապզոն,Ամասիա,Սամսուն,Վան Գոնիա եւ այլ քաղաքներ,ու նաեւ Պէյրութի,Տամասկոսի ու Պաղտատի մէջ եւ Միջին Արեւելքի այլ քաղաքներուն մէջ, որոնք այդ ժամանակաշրջանին Օսմանեան Կայսրութեան հսկողութեան տակ կը գտնուէին։
Իզմիրի Արքեպիսկոպոսը Գերապայծառ Ռուճճէրօ ֆրանչեսքինի որ միաժամանակ Թուրքիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաք Դասի Նախագահն է ,Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հաշտութեան Յանձնախումին ըսաաւ որ ՝՝ Եթէ նոյնիսկ Կաթողիկէ Եկեղեցին օրինաւոր կերպով չէ ճանչցուած Թուրքիոյ մէջ ,նոյնպէս կը պահանջէ վերադարձումը կալուածներու, հիմնուելով 1913ի Համաձայնութեան Դաշինքին վրայ, որը կը կրէ ստորագրութիւնները (1913-ին) Մեծ Վեզիր Հալիմ Փաշայի ու ֆրանսայի Դեսպան Մորիս Պոմբարտ-ի։
Յիշենք որ 1936ին Թուրքիոյ Կառավարութիւնը կը բռնագրաւէր բոլոր փոքրամասնութիւններու հարստութիւնները, բացառելով Կաթողիկէ Եկեղեցին, անոր համար որ մի քանի տարի առաջ1923ին անոր տրուած էր ՝՝օտար՝՝ի կարգավիճակ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.