2012-04-20 12:56:20

Ընկերային Հաղորդակցութեանց միջոցները որպէս Աւետարանութեան, Երկխօսութեան ու Խաղաղութեան միջոցառում։ (թղթակցութիւն՝Ռոպէրթ Աթթարեան-ի) ։


Ուսումնաժողովին երրորդ օրը, (Ուսումնաժողովը տեղի կ'ունենայ Լիբանանի Հարիսա-ի շրջանը՝ ''Ընկերային հաղորդակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ'' նիւթին մասին) սկիզբ առաւ Ընկերային Հաղորդակցութեանց Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ Գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլի-ի ելոյթով, որ խօսեցաւ ''ընկերային հաղորդակցութեանց նոր տիպարները եւ աւետարանութիւնը'' նիւթի մասին ։ Ան իր միջամտութեան ընթացքին պարզեց ընկերային հաղորդակցութեանց զանազան հանգրուանները, հիմնուելով Քահանայապետներու տուած ուսուցումներուն եւ ուղղութիւններուն վրայ, ընդգծելով որ ՝՝ընկերային հաղորդակցութեանց կէտ նպատակն է ճշմարտութեան փնտռտուքը՝՝։ Ան յայտնեց որ Թեմերու մեծ մասը տակաւին համացանցային կայք չունի, եւ միաժամանակ ընդգծեց կարեւորութիւնը ՝՝յանդգնութիւն ու իմաստութիւն ունենալու լուրերու հաղորդումին մէջ՝՝։
Հուսկ խօսք առաւ հայր Լա Բորդէ անդրադառնալով ՝՝Հովուական Հաղորդակցութեան Մարտահրաւէրին՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.