2012-04-20 13:17:53

«Երեւանը 2012 Թուականին Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաք» Հանդիսութիւնները Կը Մեկնարկեն .


Ապրիլ 20-23-ը Երեւանի մէջ տեղի կ'ունենայ գիրքին նուիրուած միջոցառումներու իսկական հրավառութիւն: Երեւանի մէջ կը մեկնարկէ «Երեւանը 2012 թուականին գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» եւ «Հայատառ տպագրութեան հիմնադրման 500-ամեակ»-ին նուիրուած տօնական հանդիսութիւններու հիմնական մասը:

Ցուցահանդէսներ, համերգներ, շարժանկարներ եւ գիրքերու շնորհանդէսներ, քանդակի բացում եւ որ ամենակարեւորն է`միջոցառումներու գագաթնակէտը համարուող Մատենադարանի յարակից տարածքին ՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» տիտղոսի փոխանցման շքեղ հանդիսութիւն:
Միջոցառումներու ծրագիրները առաւել մանրամասն ներկայացուցին «Հայատառ տպագրութեան հիմնադրման 500-ամեակ»-ի միջացառումները նախապատրաստող պետական յանձնաժողովի քարտուղար, Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Վիգէն Սարգսեան այդ ձեռնարկներու շարքէն առանձնացուց Ապրիլ 22-ին աշխարհահռչակ Իտալացի թենոր Անտրէա Պոչելի-ի Ազատութեան Հրապարակին նախատեսուած մենհամերգը` Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին, պետական կամերային եւ «Հովեր» երգչախումբի մասնակցութեամբ:
«Ատիկա իւրօրինակ երաժշտական ողջոյն է Իտալիայէն, որ հայոց գրատպութեան օրրանը եղած է: Գիտենք, որ առաջին հայ գիրքը` Ուրբաթագիրքը, տպագրուած է Վենետիկի մէջ 1512-ին»,(ըսաւ ան) ապա շարունակեց, որ Ապրիլ 21-ին Գաֆէսճեան կեդրոնին մէջ կը բացուի «ArmBookExpo» գիրքի ցուցահանդէսը, ուր ներակայացուած է Հայաստանի եւ աշխարհի տասնեակ երկիրներուն մէջ տպագրուած հայերէն եւ բազմալեզու գրականութիւն, որ ի դէպ ամբողջութեամբ կը նուիրաբերուի Հայաստանի ազգային գրադարանին:
Ապրիլ 22-ին, անոր խօսքով, Երեւանը կը վերածուի մեծ տօնական հրապարակի, որուն տարբեր հատուածներուն, պուրակներուն, հրապարակներուն, եւ երեւանցիներու սիրուած վայրերուն մէջ օրուան տարբեր ժամերուն տեղի կ'ունենան համերգներ, ներկայացումներ ու տօնական հանդէսներ:
Վիգէն Սարգսեան նշեց, որ Գիրքի Երեւանեան տօնին մասնակցելու նպատակով այդ օրերուն Հայաստան կ'ըլլան աշխարհի աւելի քան 30 երկիրներու պատուիրակներ եւ 5 տասնեակէն աւելի պատուոյ հիւրեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.