2012-04-19 14:01:57

Յակոբ Պարոնեանի Յիշատակին Նուիրուած Հանդիսութիւն։


Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Նախաձեռնութեամբ տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, տեղի ունեցաւ Պարոնեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ։
Տեսիլ Քէշիշեանի ողջոյնի խօսքէն ետք Օրուան պատամախօսը՝ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհի Լորի Եթերեան ըսաւ, որ Պարոնեան մեր բարքերու, սովորութիւններու, յոռի երեւոյթներու եւ ընկերութեան հարցերու իսկական նկարիչն էր, որ ունէր տեսնելու եւ դատելու իւրայատուկ ոճ. աւելի քան հարիւր տարի անցած է, բայց բան մը չէ փոխուած հայ իրականութեան մէջ։ Պարոնեանի տիպարները տակաւին կ'ապրին մեր ընկերութեան մէջ եւ ամէն տեղ կան նիւթապաշտ մարդիկ, մակերեսային մտածողներ, որոնց համար դրամը գերիշխող է եւ բարձր՝` բոլոր տեսակի մարդկային արժէքներէն։ Գրողին գրական յատկանիշները ներկայացնելէ ետք, բանախօսը հաստատեց, որ Պարոնեանին համար կեանքը թատրոն էր, իսկ ինք հանդիսատես, որ հեռացաւ, բայց սակայն թատրոնը մնաց եւ դժբախտաբար միեւնոյն ոճով կը շարունակուի։
Իր խօսքի աւարտին, Լորի Եթերեան նշեց, որ Յակոբ Պարոնեանին յիշատակը յարելու համար պէտք է հաւաքաբար աշխատիլ վերցնելու մեր ընկերութեան բոլոր յոռի երեւոյթները՝` կերտելու փայլուն, գիտակից, զարգացած, քաղաքակիրթ եւ ազգային միջավայր մը, ուր արժէքները կ՛իշխեն եւ ոչ դրամը, ուր աղաներ չկան եւ ոչ ալ վարձկաններ, ուր աթոռները ծառայելու միջոց են եւ ոչ նպատակ, եւ վերջապէս, ուր օտարինը մերժելի է եւ հայկականը՝` պատուական է եւ մնայուն։
Հանդիսութեան ցուցադրուեցան Յակոբ Պարոնեանի ործերէն երեք տեսարաններու ժապաւէնը ։
Գնահատելով Մեսրոպեանի Աշակերտական խմբակի գործունէութիւնը եւ աշխատանքներու հորիզոններու ընդլայնումը, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրաոյն վարժարանի տնօրէն պրն Կրէկուար Գալուստ շնորհաւորելով կազմակերպիչները եւ ընդգծեց որ աշակերտները պէտք է խիզախութեամբ, անկեղծութեամբ եւ ճշմարտութեամբ ծառայեն ընկերութեան ու պահպանեն հայութեան արժէքները։



՜՜Կուրճիէֆ՝՝ Համոյթի Ելոյթը Հռոմի Մէջ
Հռոմի Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարանը եւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդը, մասնակցութեամբ՝ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի յանձնախումբին ու հայ մշակողթի ու վաւերագրումի կեդրոնին, եւ ի Յիշատակում՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի 97-ամեակին, Ապրիլեան Նահատակաց տօնախմբութիւններու ծիրէն ներս, կազմակերպած են երեկոյթ մը՝ Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 22 Ապրիլի ժամը 20-ին։
Երեկոյթին ելոյթ պիտի ունենայ ՜՜Կուրճիէֆ՝՝ի անուան հայկական ժողովրդական գործիքային նուագախումբը։
Յայտագիրը կը բովանդակէ արեւելեան աւանդական նուագային գործիքներու համար հայկական ժողովրդական կտորներ ու սրբազան երգեցողութիւն, որոնց նուագաւորումը կատարած է Լիբանահայ արուեստագէտ Լեւոն Էսքենեան։
Նշենք թէ ձեռնարկը կը հովանաւորէ Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.