2012-04-18 13:15:04

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


՜՜Ուրախութիւնը հայրենադարձներուն։ 126-րդ սաղմոսին մեկնաբանութիւնը։ Կոչ Եգիպտոսի՝՝։

Չորեքշաբթի 18 ապրիլ 2012, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն որունք խմբուած էին Ս. Պետրոսի հրապարակը։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը աղօթքի մասին, այսօր Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան աղօթքի մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը)
Այս ընդհանուր ունկնդրութեամբ կը վերսկսիմ իմ շաբաթական հերթական խորդհածութիւններս ՜՜Աղօթքի՝՝ մասին։
Ս. Հոգին կ'առաջնորդէ քայլերը Եկեղեցւոյ` աղօթող հասարակութեան։
Սակայն Հոգեգալուստը մեկուսի դէպք մը չեղաւ։
Առաքեալներու գործերու գիրքին մէջ, սուրբ Ղուկաս կը մէջբերէ Ս. Հոգւոյն այլ միջամտութիւնները, ծնող՝ եկեղեցւոյ կեանքին ընթացքին դիմագրաւած դժուար պահերը։
Տաճարին մէջ անդամալոյծին բժշկութենէն ետք, Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները ձերբակալուեցան որովհետեւ կը քարոզէին Յիսուսի Յարութեան մասին։ Հալածանքի վտանգին ի տես, հասարակութիւնը չփնտռեց հակազդելու կերպը, այլ սկսաւ աղօթել` համայն Եկեղեցւոյ հասարակաց աղօթքը։
Աղօթքը, ընդգծեց Սրբազան Հայրը, կ'ամրապնդէ Եկեղեցւոյ միութիւնը։ Աղօթքը կը լուսաբանէ եւ կ'օգնէ որ հասարակութիւնը ըմբռնէ պատահածը հաւատքի լոյսով ու Աստուծոյ խօսքին լոյսով։ Յիսուսի դէմ ընդդիմութիւնը, մահը` մաս կը կազմեն Աստուծոյ ծրագրին՝ աշխարհի փրկութեան համար։ Քրիստոսի խորհուրդը էական բանալին է հասկնալու հալածանքը։ Աղօթքով, քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը Աստուծմէ չէր խնդրեր պաշտպանութիւն, եւ ոչ ալ չհալածուիլ, կամ յաջողութիւն գտնել, այլ կարելիութիւնը՝ ամենայն ազատութեամբ հռչակելու Աստուծոյ խօսքը։
Մենք եւս (ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով) խնդրենք Աստուծմէ՝ առաջնորդուիլ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Հոգիէն, արիութեամբ եւ ուրախութեամբ ապրելու մեր կեանքի ամէն մէկ վիճակը ու Աւետարանը հաղորդելու բոլորին ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, երաշխաւորելով իր աղօթքը, որպէսզի զօրացած աստուածային շնորհքով՝(ըսաւ Սրբազան Հայրը) կարողանաք Աւետարանը քարոզել ձեր շրջապատէն ներս ըլլայ խօսքով եւ ըլլայ բարի օրինակով։
Սիրելիներ, աղօթքը ձեզի պիտի օգնէ զգալու Աստուծոյ ներկայութիւնը ու ձեր կեանքին անոր սիրոյ ծրագիրը։ Սրտանց ամէնքդ կ'օրհնեմ։
Հուսկ՝ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. Քրիստոսի լոյսը թող միշտ լուսաւորէ ձեր կեանքը ու զայն բարիքներով պտղաբեր դարձնէ։
Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այն անձերուն (մեծ թիւով) որոնք իրենց բարեմաղթութիւնները յայտնեցին իր քահանայապետութեան 7-րդ տարեդարձին առթիւ։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար, (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ. ) որպէսզի Ս. Հոգւոյ օգնութեամբ կարողանամ յարատեւել իմ պաշտօնիս մէջ, Աստուծոյ փառքին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.