2012-04-18 13:19:14

Նոր Հրատարակութիւն


Ստիլիանոս Պապադոպուլոսի ՜՜Վիրաւոր արծիւը՝՝- Ս Գրիգոր Աստուածաբան՝՝ Աշխատութեան Հայերէն Թարգմանութիւնը։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է ժամանակակից յոյն ուղղափառ աստուածաբան Ստիլիանոս Պապադոպուլոսի ՜՜Վիրաւոր արծիւը՝՝- Ս Գրիգոր Աստուածաբան՝՝ աշխատութեան հայերէն թարգմանութիւնը։ Թարգմանութիւնը յունարէնէն կատարած է Մարիաննա Ապրեսեան։ Գիրքը նուիրուած է Դ. դարու Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մեծ աստուածաբան Գրիգոր Նազիանզացիի կենսագրութեան։ Այս աշխատութիւնը բազմիցս հրատարակուած է եւ իբրեւ կենսագրական պատմավէպ լայն տարածում ունի ժամանակակից ընթերցողներու շրջանի մէջ։ Այս գիրքի կարեւորութիւնը հայ իրականութեան մէջ պայմանաւորուած է անով, որ Գրիգոր Աստուածաբանը Հայ Եկեղեցւոյ տօնելի սուրբերէն է եւ Կապադովկեան միւս հայրերու հետ զգալի ազդեցութիւն ունեցած է Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան ձեւաւորման եւ զարգացման գործին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.