2012-04-18 13:18:10

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ՅՈՎՀԱՆ ՄԱՆԴԱԿՈՒՆԻ


Յովհան Մանդակունի ծնած է Արշարունեաց Ծախնոտ գիւղը. Երիտա-սարդ տարիքին աշակերտած է Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի, հանդի-սանալով թարգմանիչ նման միւս բոլոր աշակերտներուն։ Վահան Մամիկոնեանի, Հայոց զօրավարի եւ մարզպանի պնդումներուն վրայ, Յովհան կը բարձրանայ կաթողիկոսական գահին վրայ 75 տարեկանին. Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, ան կ՛ընկերանար Վահանի նոյնիսկ պատերազմի դաշտին վրայ, քաջալերելով հայկական բանակը. Ճակատա-մարտի մը ընթացքին ծանրօրէն կը վիրաւորուի եւ իբրեւ մեռած կը նկատուի, սակայն հրաշքով կ՛առողջանայ եւ կը վերադառնայ իր հայրա-պետական պաշտօնին։
Իր մեծագոյն հրճուանքի օրը կը հանդիսանայ երբ Վահան Մամիկոնեան կը ստանայ Պարսիկներէն Հայոց մարզպանի տիտղոսը. Դուինի մայր Տաճարին մէջ, բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեան, Կաթողիկոսը կ՛ընդունի վեհապետը ցնծութեան աղաղակներու մէջ եւ կ՛օրհնէ զինք ու բոլոր հայ ժողովուրդը։ Յովհան Մանդակունի 6 տարի միայն կը մնայ կաթողիկոսական աթոռին վրայ եւ իր հոգին կ՛աւանդէ 81 տարեկանին ու կը թաղուի Շիրակ գաւառի Բեռնոս գիւղը մեծ անուն թողլով հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ինչպէս նաեւ հայ գրականութեան մէջ։
Ժ. եւ ԺԱ. Դարերու պատմաբանները Մանդակունիի կը վերագրեն շատ մը գործեր, մանաւանդ Ժամերգութիւններու կարգաւորութիւնը, խորհուրդներու մատակարա-րութեան կարգերը, ինչպէս մկրտութեան, դրոշմի, սարկաւագութեան, քահանայութեան եւ եպիսկոպոսութեան կարգերու տուչութեան արարողութիւնները եւ նոյնիսկ պատարագամատոյցը, զոր Ս. Աթանասի հետեւողութեամբ կարգաւորած է։
Իրեն կը վերագրուին նաեւ գիշերային ժամերգութեան ճաշու երեք ժամերուն եւ այլ ժամասացութիւններու աղօթքներն ու քարոզները. Սակայն իր մեծագոյն գրական գործը իր 28 ճառերն են խրատական, վարդա-պետական ու բարոյական նիւթերու շուրջ։ Շատ ընտիր ոճով գրուած են անոնք հինգերորդ ոսկեդարի գեղեցիկ լեզուով. Այն աստիճանի որ ոմանք գաղափար յայտնած են թէ անոնք թարգմանութիւններ են Ոսկեբերանի ճառերուն. Սակայն կարելի չէ ժխտել հարազատութիւնը Մանդակունիի, տրուած ըլլալով մանաւանդ իր գի-տութեան ու ճարտասանութեան համբաւը Հայոց մօտ։
Մանդակունիի կը վերագրուին նաեւ թատերգութիւններ, որ այդ շրջանի բոլոր յոյն հայրապետները սովոր էին գրել եւ բեմի վրայ ներկայացնել ժողովուրդի շինութեան համար. Մանդակունի մեծ յունագէտ ըլլալով, վստահաբար դիմած է նոյն միջոցին, որովհետեւ յետագայ մեծ հեղինակներ, ինչպէս Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետ կը վկայեն այդ մասին։ Իսկ Մաշտոց կաթողիկոս, որ կարգաւորեց մեր ծիսական Մաշտոցը, կը վկայէ թէ շատ օգտուած է Մանդակունիի կարգաւորութենէն։ Գիշերային ժամերգութեան մէջ` իրեն կը վերագրուին Զարթուցեալքս քարոզը եւ Զքէն գոհանամք աղօթքը։
Հոս կու տանք կտոր մը իր ճառէն զոր արտասանեց Դուինի Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Վահան Մամիկոնեանի մարզպանի անուանումին առթիւ, եւ զոր կը մէջբերէ Ղազար Փարպեցի։ Յեկեղեցիս օրհնեցէք զԱստուած եւ զՏէր յաղբերաց Իսրայէլի. Ահա սիրեցէք զեկեղեցիս եւ սիրեցայք յեկեղեցւոյ. Զթագաւորս քաղցրացոյց եկեղեցի, զգազանս ընտելացոյց, զգայլս գառինս արար, զձեզ պայծառացոյց, զթշնամիս ճշմարտութեան ամաչեցոյց։ Մանդակունի հանդիսացաւ մեր մեծագոյն հայրապետներէն մին եւ արժանաւորապէս կարելի է դասել զինք ի շարս Լուսաւորչի, Սահակի, Ներսէսի եւ այլ կաթողիկոսներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.