2012-04-18 13:11:43

՝՝Ընկերային Հաղորդակցութեանց Միջոցները՝ Որպէս Աւետարանութեան, Երկխօսութեան Ու Խաղաղութեան Միջոցառում՝՝։ Ուսումնաժողով Լիբանանի Մէջ (թղթակցութիւն Ռոպէրթ Աթթարեան)։


RealAudioMP3
Ներկայիս Լիբանանի Հարիսա շրջանի Պեթանիա եկեղեցական կեդրոնին մէջ տեղի կ'ունենայ Ուսումնաժողով մը ''Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցները Միջին Արեւլքին մէջ որպէս Աւետարանութեան, Երկխօսութեան ու Խաղաղութեան Միջոցառում'' նիւթի մասին ։
Ուսումնաժողովը նախաձեռնած է Ընկերային Հաղորդակցութեանց Քահանայապետական Խորհուրդը, համագործակցութեամբ Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու Խորհուրդին։
Ուսումնաժողովին կը մասնակցին 70 եպիսկոպոսներ, քահանաներ ու աշխարհականներ, եկած Լիբանանէն, Սուրիայէն, Պաղեստինէն, Իրաքէն, Եգիպտոսէն։

Երեքշաբթի 17 ապրիլ, առաջին նիստի առանցքը կազմեց ՝՝Սիւնոդհոսը եւ Այժմէականութիւնը'' ։ Միջին Արեւելքի երկիրնէն եկած մասնակիցները պարզեցին իրենց երկիրներու ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու զանազան եղանակներն ու կարելիութիւնները։ Ապա Հայր Խալիլ Ալուա բանախօսեց ''Միջին Արեւելքի մէջ ներկայացող խաղաղութեան մշակութային տարրերու վելուծումը'' նիւթին մասին։ Ապա մասնակցողները Միջին Արեւելքի եպիկոպոսներու Սիւնոդհոսի լոյսի ներքեւ բանակցեցան այն հարկաւոր կարգադրութիւններու մասին որ քրիստոնեաները պէտք են որդեգրել պահպանելու համար քրիստոնեական աւանդութիւնը ու վկայութիւնը իւրաքանչիւրին ապրած Երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու առաքելութիւնը քաղաքական գետնի վրայ ու Եկեղեցւոյ դերը խաղաղութեան ի սպաս։

Յետմիջօրէին Հայր Եուսէֆ Սուէյֆ իր ելոյթովը խօսեցաւ '' Ընկերային Հաղորդակցութիւնը Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսական Սիւնոհոդոսի Յարումով'' նիւթին մասին։ Ապա ներկաները իրենց խորհրդակցութիւնները կեդրոնացուցին ''ընկերային հաղորդսակցութեանց միջոցներու դերը ի սպաս Աւետարանութեան'' նիւթին վրայ։ Հարցադրուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցւոյ Ընկերային Հաղորդակցութեանց Միջոցներու ներկայ իրադրութիւնը ։ Այդ միջոցները անմիջականօրէն կը սատարե՞ն քրիստոնեական կազմաւորումին։ Ո՞րոնք են ապագայ հեռանկարները։
Նիստի աւարտին ներկայացուցիչներու կողմէ ներկայցուեցան զանազան առաջարկներ։ Յայտնենք որ աշխատանքները սկիզբ առին Ընկերային Հաղորդակցութեանց Միջոցներու Քահանապետական Խորհուրդի Նախագահ Գերապայծառ Գլաուտիօ Չելիի ողջոյնի խօսքով,որ պարզեց Ուսումնաժողովին կէտ նպատակը։
Նշենք որ այս թղթակցութիւնը պատրաստեց Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի պատասխանատու` տիար Ռոպէրթ Աթթարեանը, որ ներկայիս կը մասնակցի սոյն Ժողովի աշխատանքներուն որպէս ներկայացուցիչ Ռատիովատիկանի ու Թելեբաչէ Արմէնիա Հեռուստակայանի Հայերէն Հաղորդաժամին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.